image
Հրատապ լուրեր:

Ո՞ր հալէպահայը չէր ճանչնար զինք, Ճեմարանի օթօքարի շէօֆէր Վարուժը

Ո՞ր հալէպահայը չէր ճանչնար զինք, Ճեմարանի օթօքարի շէօֆէր Վարուժը

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

Չափազանց խստաբարոյ էր քեռիս, բոլորին ամմօ Վարուժը, որուն ամբողջական անունը Դանիէլ Վարուժան Տէր Պօղոսեան էր... Ո՞ր հալէպահայը չէր ճանչնար զինք, Ճեմարանի օթօքարի շէօֆէր Վարուժը, որուն ժամադրութիւնները Պիկ Պէնի վրայ կը քալէին, ինչպէս կ'ըսէին իր աշակերտներուն ծնողները: Ծայր աստիճան բծախնդիր, մաքրասէր, ջղային եւ պահանջկոտ էր: Մանկութեանս յիշատակներուն մէջ ինծի կը թուէր, թէ մեր բոլոր հարազատները կը վախնային իրմէ, ինչպէս նաեւ մենք՝ գերդաստանի բոլոր փոքրիկները... Վա՜յ մեզի եթէ օր մը առանց պարտականութիւն կատարելու դպրոց գացած ըլլայինք, կամ լրիւ տարազ հագած չըլլայինք, այս պարագային տնօրէնէն կամ հսկիչէն չէր որ կը պահուըտէինք, այլ՝ քեռիէս, որովհետեւ ան շա՜տ աւելի խստութեամբ կը պախարակէր մեզ...


Սակայն ան բոլորովին ուրիշ կերպար մըն էր շաբաթ գիշերները, անոր դուռը մի՛շտ բաց էր բոլորին դիմաց, անոր առատ սեղանէն անպակաս էին բոլոր հարազատները, դրացիները, բարեկամներն ու նոյնիսկ օտարները... Կը յիշեմ զինք, երբ Շաբաթ երեկոյեան խնճոյքներուն մօրմէս կը խնդրէր, որ երգէ: Մայրս բացարձակապէս չէր մերժեր անոր խնդրանքը եւ գեղեցիկ ձայնով կ'երգէր «Զեփիւռի նման» կամ «Եկար անցար մեր թաղով» երգերը, ապա կը հնչէին մեր խմբային երգերը, ասմունքները, եւ բոլորը կը պարէին... առաջին պարը կ'ըլլար քեսապցիներուն պարը, որուն պաշը բռնած կ'ըլլար հանգուցեալ հայրս, ան ալ իր կարգին քեսապերէն երգերով կ'ոգեւորէր բոլորս՝ մեծ ու պզտիկ... ապա կը հնչէին ազգային եւ յեղափոխական երգերը, որոնց այնքան ոգեւորութեամբ կը մասնակցէր քեռիս... Շաբաթ գիշերները քեռիս ամբողջովին կը կերպարանափոխուէր, աչքերը անհուն սիրով եւ բարութեամբ կը փայլէին, կը ժպտէր ու կ'երգէր... բան մը, որ շա՜տ տարօրինակ էր շաբթուան միւս օրերուն...


Տարիները անցան, մենք մեծցանք... մեծցանք ու հասկցանք, որ քեռիիս վարմունքը խստութենէ աւելի ճշդապահութիւն էր, կարգապահութիւն էր եւ դաստիարակութիւն... մեծցանք եւ անդրադարձանք, թէ որքա՜ն մեծ սրտի տէր էր քեռիս՝ մանաւանդ երբ անվարան օգնութեան կը փութար բոլոր հարազատներուն եւ բարեկամներուն, երբ ան հոս ու հոն կը բարեխօսէր այս կամ այն կարիքաւորին համար, մեծցանք եւ հասկցանք, որ անոր խոժոռ դէմքին ծալքերուն մէջ տարիներու դառն փորձառութիւններ կուտակուած էին... մեծցանք եւ մեր մտքերուն մէջ վառ մնաց անոր անմոռանալի յիշատակը, անոր բարեսրտութիւնը, մանաւանդ՝ երազային Շաբաթ գիշերները...


Անողոք հիւանդութիւնն ու պատերազմը հիւծեցին յաղթանդամ եւ հուժկու քեռիս, մինչեւ որ օր մը անդարձ հեռացաւ ան այս անիրաւ աշխարհէն...


Ննջէ՛ խաղաղութեամբ, սիրելի՛ քեռիս, ննջէ՛ հանգիստ, եւ քու անթառամ յիշատակդ անմար պիտի մնայ մեր բոլորին սրտերուն մէջ...


Ս.Թ.