image

Սաատ Հարիրիի արգելափակումը նման է հայոց Արշակ եւ պարսից Շապուհ արքաներու պատմութեան

Սաատ Հարիրիի արգելափակումը նման է հայոց Արշակ եւ պարսից Շապուհ արքաներու պատմութեան

Արա Սանճեան

 

Յատուկ լիբանանահայերուն ու Հայաստանի արաբագէտներուն համար. Լիբանանի (նախկի՞ն) վարչապետ Սաատ Հարիրիի արգելափակումը մինչեւ վերջերս զինք հովանաւորած սէուտական իշխանութիւններուն կողմէ բաւական նման է Փաւստոս Բուզանդի հաղորդած հայոց Արշակ եւ պարսից Շապուհ արքաներու պատմութեան։ Շապուհը կրցած էր ձեւով մը Արշակը Տիզբոն բերել տալ եւ անկէ կը լսէր իրեն համար հաճելի բոլոր խօսքերը։ Բայց վստահ չըլլալով որ Արշակը հայրենիք վերադառնալէ ետք տարբեր բան պիտի չըսէ, իրեն համար աւելի ապահով համարեց իր հիւրը բանտարկել Անյուշ բերդին մէջ։