image

«Ազգասէր, Աստուծոյ, Ընտանիքին, Եկեղեցիին, նուիրուած դաստիարակ մայր մը». Մահացած է Պատուելի Սերոբ Մկրտիչեանին մայրը

«Ազգասէր,  Աստուծոյ, Ընտանիքին, Եկեղեցիին, նուիրուած դաստիարակ մայր  մը». Մահացած է Պատուելի Սերոբ Մկրտիչեանին մայրը

 Պատուելի Սերոբ Մկրտիչեան


«Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի պիտի ապրի» Յովհաննու 11:25 


46 տարիներ դասաւանդելով Հայերէն, Հայոց Պատմութիւն եւ Սուրբ Գիրք Քեսապի Հայ Աւետարանական Վարժարանին մէջ, 

 
30 տարիներ ծառայելով Քեսապի Հայ Աւետարանական Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցիի Կիրակնօրեայ Դպրոցին եւ Ամառնային Սուրբ Գրոց Վարժարանին մէջ իբր Ընդհանուր Պատասխանատու եւ Տեսչուհի, 

 
25 տարիներ ծառայելով Քեսապի Հայ Աւետարանական Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցիին մէջ իբր Հոգաբարձութեան ատենադպրուհի եւ Հաշուապահ, 
Երկար Տարիներ ծառայելով Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան մէջ իբր Կեդրոնական Մարմնի եւ Ձեռնադրութեան Յանձնախումբի անդամ, 

 
Տիկ. Վարսենիկ Թութիկեան Մկրտիչեան իր աչքերը կը փակէ այս աշխարհէն կիրակի 21 յունուարի առաւօտուն Լաթաքիոյ իր տան մէջ, այն քաջ հաւատքով եւ համոզումով թէ պիտի միանայ եւ յաւիտեան պիտի ապրի իր շատ սիրելի Փրկչին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետ, ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ։ 


Ան բառին իսկական առումով, Առակաց Գիրքի վերջին գլուխին մէջ նկարագրուած, առանց գանգատի եւ միշտ փառք տալով Աստուծոյ եղաւ՝ Առաքինի, Հաւատացեալ, Եկեղեցասէր, Ազգասէր, Հիւրասէր, Աշխատասէր, Ծառայասէր ու Աստուծոյ, Ընտանիքին, Եկեղեցիին, Ազգին եւ դպրոցին նուիրուած դաստիարակ ՄԱՅՐ մը։