image

Մահացած է ամերիկահայ բանաստեղծուհի Տայանա Տէր Յովհաննէսեանը

Մահացած է ամերիկահայ բանաստեղծուհի Տայանա Տէր Յովհաննէսեանը

Պոլսահայ բանաստեղծ Քրիստիան Բատիկեան գրառում մը կատարելով գրած է.- «Ցաւալի լուրը հասաւ Ադլանտեանի միւս կողմէն․ Տայանա Տէր Յովհաննէսեան ոչ եւս է»։

Ան նաեւ ներկայացուցած է բանաստեղծուհիին գործերէն մին

 

ԼՈՒԻԶԻԱՆԱՅԻ ԿԱՊՈՅՏ ՁԿՆԿՈՒԼԻՆ ԵՐԱԶԸ
(The Blue Louisiana Heron Dream)

Կապոյտ ձկնկուլ մը
կը կքի անձրեւի ներքոյ
ամառ ատեն ձուկ որսալով 
գետի մէջ

Տղայ մը կը քալէ
դոյլով եւ ձողով
այս երազին ընդմէջէն
դէպի խորտակումը
սեփական

Ես պիտի արթննամ
քիչ վերջ
հիւսիսի մէջ եւ ծեր

Կապոյտ ձկնկուլ մը
պիտի կքի դուրսը
ձիւնի ներքոյ

(թարգմ․ Ք․Բ․)

 

ԱՌԱՋԻՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆՍ

Մենք ամուսնացանք Հարվըրտ Հիմնարկին մէջ՝
երրորդ յարկ, գիրքերու բաժին՝
գրադարանի պաշտօնեային մօտ:
Դուն հակած էիր Եւրոպական հրատարակութիւններու
վրայ: Ես Ամերիկեան ցանկը կը նայէի.
թեւ թեւի էինք: Սեղանի միւս կողմէն
պաշտօնեան հաւաստիացում պահանջեց.
«Միասի՞ն էք»:
«Եթէ ոչ տարածութեան մէջ, ապա՝ ժամանակի», ըսի ես:
«Եթէ ոչ ժամանակի մէջ, ապա՝ մտքերու», ըսիր դուն:
Ես տատամսեցայ. արդեօք Հիմնարկը իրաւասո՞ւ էր 
նման ծէսեր կատարելու:
Մինչ պաշտօնեան դէպի երկինք նայեցաւ եւ հառաչեց.
«Միայն Հարվըրտի Հրապարակին վրայ…»:

Տայանա Տէր Յովհաննէսեան
(թարգմ. Ք․Բ․)

Կը գրեմ միայն եօթը անձերու համար, որոնցմէ չորսը մեռած են շատոնց: Մնացեալ երեքէն երկուքը երբեք չեն կարդար, իսկ երրորդը բացայայտօրէն կ՚արհամարհէ գրականութիւնը, բանաստեղծութիւնը՝ յատկապէս:

Տայանա Տէր Յովհաննէսեան
(1934-2018)