image

«Աթոռահարութիւն». Խաժակ Այնթէպլեան

«Աթոռահարութիւն». Խաժակ  Այնթէպլեան

Այս կիրակի քիչ մնաց  «աթոռահար» ըլլայի...

Նորէն հարցը «Սինեմա»էն սկսաւ: Գիտէ՞ք չէ,  ի տարբերութիւն մեր ազգային սրահներուն, սինեմայի սրահին  առջեւի շարքը այնքան ալ յարգի չէ:  Այստեղ արժէքաւորը  ամենաետեւի շարքն է, անշուշտ գինն ալ աւելի բարձր է: Երէկ գիշեր սինեմայի տոմսավաճառուհին ամէն անգամուայ  պէս,  վարպետ առեւտրական ձեւանալով,   փորձեց զիս համոզել թէ ես իրենց կարեւոր յաճախորդներէն մէկը ըլլալով  պէտք է անպայման  ետեւի շարքի VIP աթոռներէն մէկը փորձեմ:  Ես ալ վարպետ յաճախորդ ձեւանալով պատասխանեցի,  թէ փոխանակ իրենց VIP  աթոռը փորձեմ, կը նախընտրեմ  սովորական աթոռ մը առնել  ու ամիսը մէկ երկու ֆիլմ աւելի դիտել: 

Տոմսս առի, ներս մտայ ու գացի  սովորական յաճախորդի իմ   տեղս նստայ: Ֆիլմը սկսելու վրայ էր, բայց սրահը գրեթէ  պարապ էր: Չորս կողմս նայեցայ, հազիւ հինգ վեց հոգի կար, իսկ կարեւոր յաճախորդներու համար նախատեսուած շարքը  ընդհանրապէս  մարդ չկար: Ճարպիկ յաճախորդի մը պէս կամացուկ մը տեղէս ելայ ու գացի ետեւի շարքին ճիշդ մէջտեղը բազմեցայ:     

Հինգ վայրկեան չանցած մէկը ուսերս ցնցեց: Աթոռին իրաւատէրն էր: Շատ զայրացած էր:  Ես խնդիր չստեղծելու համար արագ մը գահս զիջեցայ ու երկու աթոռ դէպի ձախ փոխադրուեցայ: Կարեւոր անձնաւորութիւնը սակայն, փոխանակ հանդարտի, դուրսէն օգնութիւն կանչեց ու զիս VIP-ի սահմաններէն դուրս նետեց...

Վիրաւորուած յաճախորդի մը պէս սրահէն դուրս ելայ  ու գացի մօտակայ սրճարան մը մտայ...  Անմիջապէս  մատուցողը քովս վազեց ու «բոլոր աթոռները  պատուիրուած են»  յայտարարեց :

-Սակայն, եթէ շատ կը փափաքիք, կարեւոր անձնաւորութիւններու համար նախատեսուած VIP անկիւն  մը ունինք:

-Ճանըմ, սուրճ մը, սիկարէթ մը պիտի ծխեմ, սովորական աթոռ մը կ՚ուզեմ:

-Սովորական աթոռներ չունինք, դուրս ելիր հոսկէ նախքան ոստիկան կանչեմ...

Զայրացած տուն վերադարձայ  ու առանց շուրջս նայելու ջղայնութիւնս կնիկիս  գլխուն պարպեցի՝

- Աթոռ մը բեր ինծի...  սուրճ մը  պատրաստէ , սիկարէթ մը տուր...

-Ճանըմ հանդարտիր... նախ շուրջդ նայիր, բարեւ մը ըսէ: Չե՞ս տեսներ , կարեւոր հիւրեր եկած են ու բոլոր աթոռները զբաղուած են:

«Թանսյոն»ս երկինք ելաւ, տաքութիւնս բարձրացաւ ...

-Ձեզի ալ ձեր աթոռներուն ալ... Վաղը պիտի երթամ , կաշիէ , սիրուն, հանգստաւէտ   աթոռ մը  գնեմ եւ ուր որ երթամ հետս պտըտցնեմ :

Սիրտս պարպելով ննջարան գացի, անկողին մտայ  ու վերմակը գլխուս քաշեցի:

Հազիւ աչքս քուն անցած էր, մէկը անկողինս ցնցեց: Աչքերս բացի , շատ ծանօթ  մէկն  էր, ուսերուն վրայ աթոռ մը դրած քովս կայնած էր: Կարեւոր անձնաւորութիւն մը կ'երեւէր,   բայց չկրցայ գիտնալ թէ շիտակ ով էր...   Կամ նախագահ էր, կամ վարչապետ էր... կամ ալ երեսփոխանական թեկնածուներէն մէկն էր... տխուր կ'երեւէր , լալով կը խօսէր ...  եկած էր ինձմէ օգնութիւն կ'ուզէր ...

- Ծանր հիւանդ եմ , օգնեցէք ինծի : Սա աթոռը  պիտի խենթացնէ   ինծի ... Արդէն ուր որ երթամ հետս կը պտըտի : Ամէն մարդ զզուելով կը նայի ինծի ...  

Երկար զննեցի...  Շա՜տ ծանօթ մէկն էր , բայց չկրցայ գիտնալ թէ    ճիշդ  ով էր ... Յանկարծ նկատեցի որ  դիմագիծ  չունի ... Գլուխ ալ չունի... Ուրեմն  ազգին վերերէն եկած կ'երեւի: Սարսափով դիտեցի գլխուն փոխարէն ուսերուն վրայ  դրուած  աթոռը , վախէս երեք անգամ խաչակնքեցի եւ զայն  ղրկեցի գրողին ծոցը   ...

Անկողինէս դուրս ցատկեցի ,  հայելիին առջեւ վազեցի  ու  հանգստացած շունչ մը արի..

Ձեր կարծիքով ո՞ր մէկն է լաւը... կաշիէ , սիրուն ու հանգստաւէտ աթոռ ունենալ վերջն ալ  աթոռահարութենէ  տառապի՞լ, թէ՞ ուսերուն վրայ յստակ դիմագիծերով գլուխ ունենալ ու հանգիստ ապրիլ...