image

Պօղոս Նուպար Փաշա յատկապէս Ս. Յարութեան տօնը ընտրած էր Աւետիսը տալու Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ծնունդին. Մանուէլ քէշիշեան

Պօղոս Նուպար Փաշա յատկապէս Ս. Յարութեան տօնը ընտրած էր Աւետիսը տալու Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ծնունդին. Մանուէլ քէշիշեան

112 տարի առաջ 1906 թուականի Ապրիլ 15-ին Զատիկ էր: Պօղոս Նուպար Փաշա յատկապէս Ս. Յարութեան տօնը ընտրած էր Աւետիսը տալու Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ծնունդին: 

 
Հայկական մեծագոյն միութեան ծնունդը իրաւ աւետիս մը եղաւ հայ ժողովուրդին համար: Այսօր 112 տարիներ ետք կարելի չէ պատկերացնել հայութիւնը առանց այս միութեան, որ ամէն տեղ էր ու է՝ ուր իր կարիքը կար, ուր իր կարիքը կայ. վկայ՝ Ցեղասպանութենէն ետք որբահաւաքը, վկայ՝ ներգաղթը, վկայ Հայաստանի երկրաշարժեան օրերը, վկայ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի այսօրուան օրերը, վկայ՝ Սուրիական ճգնաժամի ներկայ օրերը երբ ամէնէն շատ այս միութիւնն էր մեզի հասնողը: 


Այսօր Հալէպի մէջ հպարտութեամբ նշուեցաւ Հ.Բ.Ը.Միութեան 112րդ տարեդարձը, ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի հիւպատոսին:

 

Մանուէլ Քէշիշեան