image

Այսպէս փողոցներ գոցելով խնդիր չի լուծուիր. Հրայր Ակիլեան

Այսպէս փողոցներ   գոցելով խնդիր չի լուծուիր. Հրայր Ակիլեան

Խնդիր մը այսպէս չի լուծուիր, փողոցներ գոցելով, մի քանի հարիւր հոգիով լուծուելիք հարց մը չէ ասի:

 

Նախ իսկական՝ ժողովրդական սկզբունքներով դաստիարակուած սերունդ մը մէջտեղ բերել պետք է, հեռու ըլլալով բոլոր տեսակի «աշիրեթական» սկզբունքներէն, պատկանելիութիւններէն. Ազատ կամքի տէր եղող երիտասարդ սերունդ մը որուն նպատակը միայն եւ միայն հայրենիքին շահերը պաշտպանել ըլլայ, ոչ Փաշինեան ոչ ալ Մաշինեանի հետեւորդ ըլլայ, իր ազատ եւ անկախ ծրագիրները ունենայ, ոչ մէկ անձնական շահերու պատկանի, «Օլիկախային» մտայնութենէ հեռու մնայ, եւ ամէնէ կարեւորը, իր ձայնը հինգ հազար դրամի չի ծախէ:

 

Միայն այդ ատեն իրաւունք կունենայ իր «յեղափոխութիւնը» հռչակելու:

 

Հրայր  Ակիլեան