image

«Առիթը չփախցուցի Առնօս մեր հերոսներուն հետ լուսանկարելու» Մարալ Զաքարեան

«Առիթը չփախցուցի Առնօս մեր հերոսներուն հետ լուսանկարելու» Մարալ Զաքարեան

Հիւսիսային պողոտայէն Աբովեան փողոցին ուղղութեամբ կ՛ընթանայինք, Առնօն ալ քովէս իր սքութըրը կը քշէր: Չես գիտեր ինչու, յանկարծ որոշեց արագ սուրալ ու ակնթարթի մէջ ամբոխին խառնուելով անհետացաւ:

Աւելի քան քառորդ ժամ, չորս հոգիով պողոտան ի վեր, պողոտան ի վար անյոյս վազվզելէ ետք մօտեցայ քիչ մը անդին, մեքենային մէջ նստած ճանապարհային ոստիկանութեան աշխատակիցին, ու ամչկոտ, քիչ մըն ալ յանցաւոր մամայի ձայնով ըսի.
- Ներեցէ՛ք, կ՛օգնէ՞ք երեխուս գտնեմ:
Առանց պատասխանելու շատ արագ հեռախօսային կապ հաստատեց մէկուն հետ, որ հաւանաբար մօտակայքը գտնուող իր գործընկերներէն մին ըլլալու էր, յետոյ մօտեցաւ ուրիշ ոստիկան մը ու արագ-արագ Առնոյին մասին տեղեկութիւններ սկսաւ հաւաքել եւ փոխանցել հեռախօսի միւս կողմը գտնուող անձին, այնուհետեւ ինծի դիմելով ըսաւ.
- Չխառնուէ՛ք, գտել են, հիմա Թոյոթայով կը մօտենան:
Վայրկեաններ չանցած Առնօն նշուած Թոյոթայով, արցունքոտ աչուկներով հասաւ մեր մօտ:
- Յանկարծ չբարկանա՛ք, շատ դուխով տղայ է,- եղաւ մեքենայէն իջնող ոստիկանին առաջին խօսքը:
Առիթը չփախցուցի Առնօս մեր հերոսներուն հետ լուսանկարելու եւ յուզախառն պահն անմահացնելու:
Շնորհակալութեան ոչ մէկ խօսք կրնայ բաւարար ըլլալ վայրկեաններու մէջ մօր դժբախտութիւնը բերկրանքի վերափոխող այս հերոսներուն համար:
Անչափ շնորհակալ եմ նաեւ այն անծանօթ անցորդին, որ լացող երեխայ տեսնելով զինք յանձնած է ոստիկաններուն:
Եւ ինչպէս կ՛ըսեն. «Չկայ չարիք, առանց բարիքի», Առնօն այս առթիւ հնարաւորութիւն ունեցաւ «ոստիկանի օթօ» նստելու իր տարիներու երազն իրականացնելու: