image

Յիշատակդ յաւերժ պիտի ապրի. Գրեց ՝Մարմանդ Գեւոյեան

Յիշատակդ  յաւերժ    պիտի  ապրի.  Գրեց ՝Մարմանդ Գեւոյեան

2012-էն ի վեր, պատերազմի տարիներուն, մենք, որպէս այդ տարիներուն երիտասարդական լիարժէք կեանք չապրող սերունդ, ունէինք շատ մը պարտաւորութիւններ։ Պարտաւոր էինք դիմանալ եւ այս ծանր պայմաններուն տակ մեր կեանքը շարունակել։

Այո՛, պատերազմի ընթացքին մահացան, նահատակուեցան, վիրաւորուեցան շատեր… պատճառը՝ պատերազմն էր, սակայն ի՞նչ էր պատճառը պատերազմէն վերջ, խաղաղ պայմաններու տակ, պարզապէս ինքնաշարժի մը արկածով մեր աննման ընկերուհիին մահը։ Արդեօք ինչո՞ւ Վանան այս ձեւով պիտի բաժնուէր մեզմէ… հարցումներ, որոնց պատասխանները տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ պիտի չկարենանք տեղադրել։

Ինչպէ՞ս ընդունիլ որ մեր սերունդը կեանքը բնական ձեւով պիտի շարունակէ առանց Վանային, առանց անոր ուրախ ներկայութեան…։

Սերունդի մը մասին կը խօսիմ, որ փոքր տարիքէն կեանքին արժէքը լաւապէս ըմբռնեց։ Սերունդ մը, որ տարիներ շարունակ ապրեցաւ ընտանիքը, հարազատները, ընկեր-ընկերուհիները կորսնցնելու վախը։ Սերունդ մը, որ գիտէր իր պարտաւորութիւնները եւ տոկալով կը փորձէր յաղթահարել պատերազմին դժուարութիւնները, կորուստներուն ցաւը, պարտաւոր էր ըլլալ զօրաւոր իր կամքով, դիմացկուն իր էութեամբ։

Կորսնցուցինք ընկերուհի մը, որ իր կեանքին ամէնէն դժուար վայրկեաններուն մէջ իսկ կը ժպտէր։ Ընկերուհի մը, որ յաճախ քաջալերելով իր սերնդակիցները կը համոզէր, որ ամէն պարագայի ինք նեցուկ է իւրաքանչիւր ընկերոջ որեւէ անել կացութեան մէջ։

Կորսնցուցի ընկերուհի մը, որ ինձմէ աւելի իմ յաջողութեամբ կ’ուրախանար։ Ան միայն ուրախ պահերու ընկերակիցս չէր՝ աչքերուս իսկ նայելով կը հասկնար ապրած նեղութիւնս, մտահոգութիւնս ու կը յորդորէր չյանձնուիլ, պայքարիլ։

Մեր սերունդը Վանային յիշատակները, իրեն հետ ապրած պահերը պիտի փորագրէ իր սրտին մէջ։

Մեր սերունդը միշտ պիտի յիշէ քեզ, անգի՛ն ընկերուհի։

 

 

 Աղբիւրը ՝«Գանձասար»