image

«Ես ոտքի պիտի մեռնիմ». Գաղափարի զինուոր մը եղաւ Անահիտ

«Ես ոտքի պիտի մեռնիմ». Գաղափարի զինուոր մը եղաւ Անահիտ

Հիլտա Չոպոյեան

 

Անահիտ Տէր Մինասեանի մահով ֆրանսահայութիւնը կը կորսնցնէ ոչ միայն խիզախ մտաւորական մը, այլ՝ ազատ մտքի և աննկուն կամքի տէր կին մը, որ իր կեանքով և գործով 1970-80-ականներէն ի վեր, Ֆրանսայի մէջ ծիլ նետող նոր սերունդի մշակութային և քաղաքական վերելքի խրախուսիչ ոյժը հանդիսացաւ։ 
Մեր դատը Ֆրանսական մտքի աշխարհին հետ կապող և մեր մտքերը մեկուսացումէն դուրս մղող գաղափարի զինուոր մը եղաւ Անահիտ, իր ամուսնին՝ Լևոն Տէր Մինասեանի հետ։
Անցեալ Նոյեմբերին Հայաստանի անկախութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողովին հրաւիրած էի զինք, և տասնամեակներու գործակցութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով մերժեց մասնակցիլ առողջական վիճակին պատճառով։ 
Պատասխան նամակին մէջ կ'ըսէր որ գիտաժողովի բոլոր նիւթերուն մասին կրնար ելոյթ ունենալ։ Եւ ճիշդ էր։
Հակառակ առողջական ծանր վիճակին, իր վերջին դասախօսութիւնները կուտար ոտքի վրայ, մի քանի ժամ, առանց նօթի, առանց մէկ անուն կամ թուական մոռնալու։ Եւ երբ կազմակերպիչները աթոռ կ'առաջարկէին իրեն, կը մերժէր, «ես ոտքի պիտի մեռնիմ» կը պատասխանէր։ 
Ֆրանսահայութիւնը փայլուն դէմք մը կորսնցուց այսօր. ես՝ ներշնչումի աղբիւր մը որ գաղափարական կեանքիս մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ։ 
Հողը թեթեւ գայ, Անահիտ։