image
Հրատապ լուրեր:

Բարի լոյս, Հայաստա՛ն, դժուարութիւններդ շա՜տ են, բայց յաղթանակներդ՝ աւելի՛ շատ. Հայրենադարձ հայի ողջոյնը

Բարի լոյս, Հայաստա՛ն, դժուարութիւններդ շա՜տ են, բայց յաղթանակներդ՝ աւելի՛ շատ. Հայրենադարձ հայի ողջոյնը

Րաֆֆի Տուտագլեան

 

Բարի լոյս, հայութիւ՛ն։ Փառք Աստուծոյ, այսօր ալ արթնցանք եւ Հայաստանը դեռ տեղն է, Արցախը դեռ տեղն է, երկիրը քար ու քանդ չէ եղած։ Սիրուն եղանակ է եւ գարունը արդէն իր գալուստին մասին պատգամներ կ՚ուղարկէ։ Մարդիկ գործի կ՚երթան, լոյս ու ջուր՝ ունի՛նք, երեխաներս դպրոց հասան արդէն, ճամբաներու վրայ խցանումները նեղացուցիչ են, բայց կեանքը եռուն է։

Իսկ երեկ, «ֆէյք նյուզ»երը եւ յոռետես յայտարարութիւնները կարդալէ ու լսելէ ետք, մտածեցի որ երկիրը այնքան վատ է, որ մենք այս առտու աւերակներու մէջ պիտի արթննանք։

Բարի լոյս, Հայաստա՛ն, իմ փայլուն երկիր, իմ երեխաներու ծննդավայր ու հրաշք հայրենիք։ Ապագադ պայծառ է, ինչպէս այսօրուան արեւը։ Դժուարութիւններդ շա՜տ են, բայց յաղթանակներդ՝ աւելի՛ շատ։

Մենք այլեւս ետդարձ չունինք, որքան ալ «ֆէյք նիուզ»ը եւ ափոքալիփսի մարգարէները փորձեն գիշեր ու ցերեկ տրամադրութիւն ու ոգի քանդել՝ հասած ու հասնող աղէտի մասին չար գուշակութիւններով ընելով։ Դժուար պիտի հասկնան, բայց պիտի՛ հասկնան։ Ետդարձ չկա՛յ։ Մենք միայն առջեւ պիտի երթանք, դէպի հզօ՛ր Հայաստան։

Բարի լոյս, Հայաստա՛ն։

Այսօրդ աւելի լաւ է քան թէ երեկ։ Իսկ վաղը շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ։ Հակառակ բօթաբեր սեւ մարգարէներուն։ Հակառակ սուտի եւ կեղծիքի քարոզիչներուն։ Հակառակ ամէնօրեայ արտաքին ու ներքին դաւադրութիւններուն։ Հակառակ հին իշխանաւորներու գործած մեծ յանցագործութիւններուն եւ անփորձ նորերու սխալներուն։

Գարունը արդէն իր գալուստը կ՚աւետէ։ Արեւի ջերմութիւնը ամէն տեղ է։

Բարի լոյս, հայեր, ձեր օրը՝ բարի։