image
Հրատապ լուրեր:

Ժողովուրդը վերջին խօսքը ըսողն է, խաղի իրաւարարը

Ժողովուրդը վերջին խօսքը ըսողն է, խաղի իրաւարարը

Երեք օր տեւած քննարկումներէ ետք, երեկ խորհրդարանը ընդունեց կառավարութեան ծրագիրը։

Ընդդիմադիրները, ըլլան անոնք խորհրդարանական կամ խորհրդարանէն դուրս, քննադատեցին այս ծրագիրը եւ մատնանշեցին, իրենց կարծիքով, ծրագրի շարք մը թերութիւնները։ Անոնք՝ ընդդիմադիրները, պնդեցին, որ ծրագիրը խոստացուած տնտեսական յեղափոխութիւնը չի կրնար բերել, քանի որ թոյլ է եւ ոչ մէկ նորարար բան կայ անոր մէջ։ 
Կառավարութիւնը, իր խորհրդարանական մեծամասնութեան հետ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ պաշտպանեց ծրագիրը եւ բուռն կերպով հակադարձեց քննադատութիւններուն, առարկելով, որ ընդդիմադիրներուն քննադատութիւնները անհիմն են եւ անտեղի։ Իսկ երրորդ կողմ մըն ալ զբաղեցաւ սովորական բամբասանքով եւ սուտեր տարածելով։ Փոխանակ կառավարութեան ծրագրի ուժեղ եւ թոյլ կողմերուն մասին բարձրաձայնելու, այս խումբը գրեց ու խօսեցաւ այս կամ պատգամաւորի գուլպայի տեսակին, այս կամ այն նախարարի կնոջ հագուստներուն, այս կամ այմ քաղաքական գործիչի կերած ճաշին, ներքնազգեստին եւ քշած ինքնաշարժին մասին։ 
Ոմանք կրակը նոր յայտնաբերած ըլլալու մեծամտութեամբ՝ դասեր տուին ասոր-անոր. բողոքեցին, որ մեծամասնութիւն կազմող դաշինքը չունի որակ, կամ՝ ընդդիմութիւնը կեղծ է եւ անմակարդակ։ Իրե՛նք են ամէնագիտուն եւ բանիմաց մարդիկը, մնացած հայերը շնորհակալ պէտք է ըլլան՝ իրենց պէս իմաստուն մարդոց գոյութեան համար ընդհանրապէս, եւ Հայաստանին ու հայութեան խրատ տալուն համար՝ մասնաւորաբար։

Տարօրինակ ոչինչ կայ այս բոլորին մէջ։
Սա պարզապէս ժողովրդավարութեան խաղն է։ Կողմերը պիտի փորձեն փաստել, որ իրենք ճիշդ են, դիմացինը՝ սխալ։ Ընդդիմադիրները պիտի խօսին ձախողած կառավարութեան մասին, դիմադիրներն ալ պիտի աշխատին դրական արդիւնքներով չկորսնցնել ժողովուրդին վստահութիւնը։ Խաղը այսպէս է, եւ վերջաւորութեան՝ ժողովուրդն է վերջին իրաւարարը եւ ժողովուրդն է, որ պիտի ընտրէ յաղթող կողմը։ Պիտի ընտրէ յաջորդ ընտրութիւններուն, ազատ եւ արդար քուէով։

Մենք արդէն ականատեսը կ՚ըլլանք քայլ առ քայլ ժողովրդավարական խաղի կանոններով առաջնորդուող քաղաքական մշակոյթի մը գոյառման։ Կը մնայ, որ բոլոր կողմերը յարգեն խաղի այդ կանոնները եւ քաղաքացիի վստահութեան քուէն, քաղաքացիի ընտրութիւնը համարեն գերագոյն արժէք։

Իշխանութիւնները պէտք է աշխատանքով փաստեն, թէ տէրն են իրենց խոստումին, իսկ ընդդիմադիրներն ալ պէտք է ցոյց տան, թէ ուր թերացած եւ ուր ձախողած է կառավարութիւնը։
Ատկէ ետք, ժողովուրդն է, որ պիտի որոշէ ո՞վ է ճիշդը եւ իր վստահութեան քուէով պիտի ընտրէ յաղթող կողմը։

Ուրեմն բարի երթ մեր երկրին։ Կառավարութեան կը մաղթենք արդիւնաւէտ աշխատանք։ Ընդդիմադիրներէն կ՚ակնկալենք աչալուրջ վերահսկողութիւն եւ սխալներու մատնանշում եւ քննադատութիւն։ Իսկ բամբասողներէն եւ ստապատիր լուրեր տարածողներէն կ՚ակնկալենք... Չէ՛, այս մարդոցմէ բան պէտք չէ ակնկալել: Անոնք այլ բան ընել չեն գիտեր։ Ժամանակին փարազիթ կ՚ըսէին ասոնց։ Փարազիթներէն լաւ բան մի՛ սպասեք։ Ինչպէս որ ժամանակին ըսուած է՝ մեծ միտքերը գաղափարներ կ’արծարծեն, միջակները՝ դէպքերու մասին կը խօսին, իսկ փոքրերը՝ բամբասանքով կը զբաղին...

Րաֆֆի Տուտագլեան