image

Նիկոլին ըսէ՛ք թող հզօրացնէ երկիրը, ժողովուրդը պահէ ու վերադարձնէ, սա մեր վերջին շանսն է

Նիկոլին ըսէ՛ք թող հզօրացնէ երկիրը, ժողովուրդը պահէ ու վերադարձնէ, սա մեր վերջին շանսն է

Վարդան Գաբրիէլեան


Ցտեսութիւն Անահիտ։ Համբոյրներս Մեծ Հայուհի։

 
Ուրախ եմ որ քեզ ճանչցայ՝ հարազատօրէն ճանչցայ։ Մեր զրոյցներու ջերմութիւնը այնքան երկար դրոշմուած պիտի մնայ յիշողութեանս մէջ, այնպէս ինչպէս զանոնք ընդմիջող լռութիւնները։ Խօսուն լռութիւնները։


Կը յիշեմ յատկապէս լռութեան պահերէն այն, երբ մեր հերթական ձայնասփիւռային ֆրանսերէնով զրոյցի աւարտին քեզի յատուկ ջղաքրքրութեամբ ըսիր թէ այս բոլորը ինչո՞ւ հայերէնով պիտի չըսէինք։

Ֆրանսերէնով զրոյցի միտքը աւելի մեծաթիւ մարդկանց ու յատկապէս երիտասարդութեան հասանելի դառնալն էր, բայց քու պոռթկումդ այլ էր, թէ՝ մենք պիտի հասնէինք հոն, ուր միասին պիտի հաղորդակցէինք օտարի՞ լեզուով իրարու բան հասկցնելու համար։ Ու կը բացուէր Սփիւռք ըլլալու ցաւը, կը բարձրանար թափառական հայու ճակատագիրը կրած, բայց զայն մերժող հայուհիի թողթողացող շրթներու ընդվզումը … ու լռութիւն. լռութիւն, որուն դիմանալը դժուար էր այդ օր. դժուար էր նոյնքան այդ լռութիւնը խանգառելը, քանի ի՞նչ խօսք կարող էր սփոփել կեանքի մը գիտակցուած ու շալակած ցաւը, տեսանելի՝ այնքա՛ն իրապաշտ կնոջ թաց աչքերուն մէջ։


Ինչպէ՞ս մոռնամ մշեցիի թոռնուհիիդ խեղդուած ձայնը, երբ կը նշէիր իրենց զէնքերը օսմանեան պետութեան յանձնելու հրահանգ ստացած հերոսական ֆետայիներուն Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքէն ներս վերջին պարը, որ պար չէր, այլ հրաժեշտ ուխտին. այն ուխտին, զոր տուած էին անոնք նահատակուելու յանուն ազգին։ Ալ որո՞ւ համար նահատակուէին հիմա, ինչի՞ համար կռուէին հիմա եւ ո՞ւր կռիւ տային։ Պէտք էր թափանցել հոգիիդ խորքը բաժնելու համար 100 տարուան պատմութենէն ծնած ցասումներդ։


Երբ իմացար որ նորածին աղջիկներէս մին անուանակոչած եմ Ռուբինա նաեւ քու սիրած Ռուբինայի յիշատակին, հրճուանքդ մեծ էր։ Նուիրեցիր ինծի Ռուբէնի, Օհանջանեանի եւ Ռուբինայի մեծ լուսանկարը՝ Եգիպտոսի մէջ հանուած։ Ու անցեալ տարի ըսիր թէ վերջապէս որոշած ես ուսումնասիրել Ռուբինայի կեանքը ու լծուեցանք նիւթեր հաւաքելու։ Բայց շաբաթներ առաջ յայտնեցիր քու հիասթափմունքդ շատ բաներու նկատմամբ, ըսիր «չեմ կրնար կոր», ու Ռուբինան մնաց անաւարտ։ Ուժ կար դեռ մէջդ աշխատելու, քանի կը շարունակէիր ուսումնասիրել, թարգմանել, սրբագրել։ Բայց մերիններուն նկատմամբ հիասթափութեանդ զոհ գնաց Ռուբինան, քանի Ռուբինայի վրայ աշխատիլը կը պահանջէր ներքին այլ մղումներ։ Ափսոս։


« Ըսէ՛ տեսնեմ, գիրք չկարդացած մարդը ինչպէ՞ս համայնք պիտի ղեկավարէ։ Ասոնք ղեկավար կը խաղան կոր, ջանմ»։ Անո՞նք քեզ պիտի հիասթափեցնէին, Անահիտ, դուն որ 84 տարեկանիդ վերցուցիր լեռնագնացութեան յատուկ կոշիկներ ու վերադարձար Տարոն, բարձրացար Մշոյ սարերը, ու ապրեցար անկասկած այլ լռութիւններ հոն։ Հիասթափուա՞ծ պիտի մեկնէիր։ Դո՞ւն։

 
Կրկին այս սփիւռքին մասին։ Հայ կեանքի երկար տարիներու խորաթափանց դիտարկումներդ ու ապագայ պատմութեան հեռանկարներդ քեզ հասցուցին այն հաստատ կարծիքին որ ճակատագրի բերումով սփիւռքը ձուլման է ենթակայ ու մեր միակ փրկութիւնը հայրենի հողին վրայ պետականութիւն ունենալն է, որ կայ։ Բայց սա եւս բաւարար չէ, ու մեր վերջին երկու զրոյցներուն պնդեցիր թէ Նիկոլին ըսէ՛ք թող հզօրացնէ երկիրը, ժողովուրդը պահէ ու վերադարձնէ, սա մեր վերջին շանսն է։ Ազգի պատմաբանն էր, որ կը խօսէր։ Երկրորդ անգամ, տաս օր առաջ, տանդ մէջ, երբ իրար ձեռք բռնած, ու ես հոն հասկցայ որ ամէն տարիքի բոլոր մայրերը ձեռքի նոյն քաղցր հպումը ունին, կրկին ըսիր սա մեր վերջին շանսն է ու ուժասպառ՝ ձեռքս բոլոր հնարաւոր ուժերովդ սեղմեցիր։ Հասկցայ քեզ, Անահիտ։


Որքա՛ն ցնցուած էիր ու անհանգիստ Մանէիս վիճակով։ Որքա՛ն նուէրներ հասցուցիր որ քիչ մը ուրախութիւն բերես իրեն։ Մանէս լաւ է, Անահիտ։ Փառք Աստուծոյ։ Բայց այսօր ես եմ ցնցուած քու բաժանումէդ։ Ու պահն է ըսելու՝ անչափ շնորհակալ եմ քու անկեղծ ու մնայուն ուշադրութեանդ համար։
Գիտե՞ս Անահիտ, այն պահուն երբ Փարիզի մէջ քեզ սիրող ու յարգող հարիւրաւոր հայեր քեզի հրաժեշտ կու տային, ես՝ Երեւանի մէջ գացի Սուրբ Սարգիս եկեղեցի ու մոմ մը վառեցի քու հոգիիդ համար։ Շշնջայի՝ Ի վերին Երուսաղէմ։ Եւ դուն, օրեր առաջ, սպասելով մահուան ոտնաձայներուն, ձեռքս բռնած հարց տուիր « Վարդան, Աստուած կա՞յ » ու կրկին լռեցինք. յետոյ պատասխանեցի «Անահիտ …»։


Այսօր նաեւ գացի ստանալու Հայաստանի հպարտ քաղաքացիիս անձնագիրը։ Ամէնալաւը գիտե՞ս ինչն է, Անահիտ, անունս գրուած է հայերէն մեսրոպեան ուղղագրութեամբ։ Տեսա՞ր Անահիտ, անյոյս չէ, քանի արդէն անձնագրային ծառայութիւնը շրջանցեց 1920-ականներու Մոսկուայի այն տիքթաթը, որ հայերէնը շեղեց իր 1500-ամեայ ուղղագրութենէն զոր պարտադրեց մեր ժողովուրդին։ 


Ու հիմա հայկական անձագիրս կը կրեմ յիշելով քեզ ու մոլեգին այն միտքը թէ՝ մեր պետութիւնը մեր վերջին շանսն է։ 


Այո՛, Անահիտ, մեր պետութիւնը մեր շանսն է ոչ միայն քեզի համար այդ անտանելի թափառական հայու վիճակէն վերջնականապէս դուրս գալու, այլև քու այնքան փայփայած Առաջին Հանրապետութեան փրկարար հրաշագործութիւնը անհետադարձ ամրագրելու։
Մի՛ երթար հիասթափուած, Անահիտ, քանի դուն գիտես որ այս ժողովուրդը հրաշքներ գործել գիտէ։


Ինչպէս խօսքդ կ՛աւարտէիր միշտ, « ցը, համբոյրներ », Անահիտ։