image

«Ընտանիք եւ համայնք».«Թուֆէնքեան» հիմնադրամի կարեւոր նախաձեռնութիւնը Շիրակի մարզին մէջ

«Ընտանիք եւ համայնք».«Թուֆէնքեան» հիմնադրամի    կարեւոր նախաձեռնութիւնը  Շիրակի մարզին  մէջ

«Թուֆէնքեան» հիմնադրամի Հայաստանի   տնօրէն  Րաֆֆի Տուտագլեան  կը գրէ ՝

 

«Թուֆէնքեան» հիմնադրամի աջակցութեամբ չորս քաղաքներու (Մեծամօր, Արմաւիր, Իջեւան եւ Նոյեմբերեան) անապահով ընտանիքներու մօտ 300 երեխաներ ամէնօրեայ խնամք կը ստանան «Ընտանիք եւ համայնք» ՀԿ-ի կեդրոններուն մէջ։ 5-րդ կեդրոն մըն ալ կը ծրագրենք բանալ Շիրակի Մարալիկ-Արթիկ համայնքներուն մէջ։ Այս նպատակով այսօր գործընկերներուս հետ Գիւմրի այցելեցինք եւ գործնական հանդիպում մը ունեցանք Շիրակի նորանշանակ մարզպետ Տիգրան Պետրոսեանի հետ, որ անմիջապէս համաձայնեցաւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով օժանդակել մեր ծրագիրներուն։ Քանի մը ամիսէն կը բանանք անապահով երեխաներու աջակցման Շիրակի մեր առաջին եւ Հայաստանի մեր 5-րդ ցերեկային կեդրոնը։