image

Ցաւօք, Երեւանը յայտնուած է ամօթալի վիճակի մը մէջ.Յարութ Մկրտիչեան

Ցաւօք, Երեւանը  յայտնուած է   ամօթալի  վիճակի մը մէջ.Յարութ  Մկրտիչեան

3 օր է արդէն, որ Հայաստան կը գտնուիմ: Յուսախաբութիւնս մեծ է: Վերջին 14 տարիներու ընթացքին զանազան առիթներով այցելած եմ հայրենիք եւ ամէն անգամ քիչ մը աւելի լաւ զգացած: Ամէն անգամ տեսած եմ, որ մեր երկիրը քիչ մը աւելի յառաջդիմած է հակառակ օրուայ իշխանութիւններուն, այսպէս ըսած, «մաֆիոզական» ղեկավարման ձեւին: Այդ օրերուն, երբ մէկ հատ վատ բան տեսնէի փոխարէնը երկու հատ լաւ բան կը տեսնէի: Դժբախտաբար այդ օրերը փնտռեցի: Հիմա, երկու վատին փոխարէն մէկ հատ լաւը չտեսայ, որքան ալ որ փորձեցի, ու ցաւալիօրէն մէկ լաւը գտնելու երրորդ վատը գտայ: Երբեք Երեւանը այսպէս ամօթալի վիճակի մէջ չէի տեսած: Մուրացիկներու աճ, ոստիկաններու թուլութիւն, որուն հետեւանքով ինքնաշարժերու վարորդները սկսած են ամէն կանոն խախտել եւ խենթի պէս վարել, աղբակոյտերու ահաւոր տեսարան, եւ նոյնիսկ անտէր փողացային շուներ, որոնք կը սարսափեցնեն զբօսաշրջիկները: Աւելի նեղացայ, երբ կամաց կամաց ի յայտ եկաւ, որ միակ դժգոհը ես չեմ: Դժգոհողներուն թիւը մեծ է թէ՛տեղացիներուն եւ թէ՛ այցելուներուն մէջ: Իսկապէս «յեղափոխութիւն» տեղի ունեցած է այն ալ վատ հետեւանքներով: Անցեալի նկատելի հայրենասէր երիտասարդութիւնը չտեսայ: Անոր փոխարէն տեսայ ապազգայնացած և ինքզինք եւրոպացի, ռուս, կամ ամերիկացի կարծող երիտասարդութիւն մը: Միտքս եկան Սատտամն ու Քատաֆին: Անոնք բռնատէր ըլլալով հանդերձ լաւ գիտէին իրենց ժողովուրդը կառաւարելու ձեւը. անոնք գացին եւ իրենց երկիրներուն վիճակը բոլորիս յայտնի է: Ամբողջական հիասթափութիւն: Մտահոգ եմ: Յուսամ սխալ եմ և տակաւին jet lag-ի ազդեցութեան տակ:

Ժամը առաւօտեան 4:30ը անց է արդէն եւ պէտք է քնանամ, որովհետեւ քանի մը ժամէն պիտի երթամ Ապարան: Լաւ մնաք: