image
Հրատապ լուրեր:

...Այս տղոց մեծ մասը կը գործէ լիբանանահայ գաղութի լուսանցքին

...Այս տղոց մեծ մասը կը գործէ լիբանանահայ գաղութի լուսանցքին

Ռաֆֆի Չիլինկիրեան

 

Այսօր լիբանանահայ գաղութէն ներս պէտքը կ՚երեւայ ունենալու (alternative) այլընտրանքային եւ ազատ միջոցներու հարթակներ՝ podcast ձայնասփիւռ, YouTube յայտագիր, ազատ լրատուական էջ, ազատ բեմ։

Շա՜տ մեծ է այն երիտասարդներուն եւ անձնական նախաձեռնողներուն թիւը, որոնք չեն աշխատիր իրենց հայ յարանուանութեան ներքեւ, որոնք չեն պատկանիր հայ կուսակցութեան մը, կամ կազմակերպութեան մը։

Բայց անոնք ստեղծագործական ճաշակաւոր միտքեր ունին, անձնական ջանքեր, նորարարութեան տէր, նոր նուաճումներ, եւ այս տղոց մեծ մասը կը գործէ լիբանանահայ գաղութի լուսանցքին եւ անկիւններուն մէջ եւ նոյնիսկ լուսանցքէն շատ անդին։

Ո՞վ պիտի ներառէ իրենց, նկատի առնէ, գնահատէ, ու լսելու ականջ տայ։

Տես հայկական բոլոր հարթակները՝ գրեթէ բոլորը նոյն դէմքերն են։