image

Խօսքը առանց գործի մեռեալ է...

Խօսքը առանց  գործի  մեռեալ է...

«Արեւելք»ի  նախկին խմբագիր Սագօ Արեան  կը գրէ ՝

 

Խօսքը առանց գործի մեռեալ է ...։

Առաւօտեան ժամերէն սկսեալ Սուրիոյ դէպքերուն եւ յատկապէս Թրքական ներխուժման մասին Ութէ աւելի հաղորդագրութիւն կարդացի։ Բոլոր կողմերը կարծես կը սպասէին ՀՀ իշխանութիւններու ազդանշանին, որպէսզէ իրենք ալ տարբեր երանգներով, նրբերանգներով եւ ազդեցիկ բառերով դատապարտէին Անգարայի այս քայլը։ Խնդիրը դատապարտելը չէր, ու անկասկած բոլորիս համար անընդունելի է Անգարայի կատարածը. Խնդիրը հիւսիսային Սուրիոյ հայերու ճակատագիրն էր ու այսօր ստեղծուած իրավիճակին վտանգաւոր ըլլալը։ Տխուր է նաեւ, որ աւելի խաղաղ օրերուն, ոչ սփիւռք, ոչ ալ Հայաստան Գամիշլիի հայերուն մասին մտածեցինք ու անկէ անդին երթալով ալ այսօր արար-աշխարհին եւ նոյնիսկ կապոյտ պաստառներէն հպարտութեամբ կը յոխորտանք, որ Գամիշլիի հայերը չեն ուզեր դուրս գալ ...։ Պարոնայք, ո՞ր մարդը, կամ այս պարագային ո՞ր հայը իր բնօրրանը կուզէ լքել ու հեռանալ...։ Եթէ դուն հայր ես, եթէ իրօք կը մտածես զաւակներուդ ապահովութեան մասին, դուն է, որ պիտի քայլերու ձեռնարկես ...

Իսկ գալով սփիւռքի ընդհանուր տեսակէտին ապա յստակ տեսակէտ ու կեցուածք կար, որ «աւելի լաւ է մի խօսիք Գամիշլիի հայերուն մասին, հոն ամէն ինչ լաւ է ու մերինները ձեւը գտած են կ՚ապրինկոր ..» Հոս ալ ըսելիք չունիմ, կարծիք է, թող յայտնեն, բայց իրականութիւնն այն էր, որ Գամիշլիի բնակչութեան կարեւոր մէկ մասը արդէն իսկ հասած է Շուէտ, Գանատա եւ եւրոպական այլ երկիրներ... որպէս գաղթական եւ պատերազմէ տուժած։

Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք, ինծի սկսած է թուալ , որ մենք ալ սկսած են արաբի հոգեբանութեամբ գործել ու գոհ ու շնորհակալ ըլլալ որ դեռ կարող ենք ամենագունաւոր, ամենագեղեցիկ, ամենաիմաստուն հաղորդագրութիւններով մրցիլ նոյն արաբներուն հետ, որոնց համար էական նպատակը միայն ու միայն դատապարտելն է։ Խօսքը պարոնայք , առանց գործի մեռեալ է ... իսկ այսօր վտանգուած Գամիշլին մեզի համար համահայկական նոր ներուժ ըլլալու մեծագոյն գործօն է. Եթէ իրապէս մենք պատրաստ ենք հայաստանի բաւական խոցելի մարդագրական պատկերին մէջ դրական նոր քայլեր ձեռնարկելու ... այլապէս լռելն աւելի իմաստուն է։