image

«Թուրքը միշտ թուրք է... Այպանելին մենք ենք» Յակոբ Քորթմոսեան

«Թուրքը միշտ թուրք է... Այպանելին մենք ենք» Յակոբ Քորթմոսեան

 Դիմատետրի  օգտատտէր  Յակոբ Քորթմոսեան կը գրէ ՝

Վերջին օրերուն Սուրիոյ Հիւսիսը Թուրքիոյ կողմէ կատարած վայրագութիւնները ըստ երեւոյթին ոմանց միտքերը թարմացուցած են։ Թարմացուցած այն առումով, որ սկսած են յիշեցնել մարդոց թէ նոյն թուրքն է, թուրքը չէ փոխուած, թուրքը նոյն արիւնարբու ն է, եւ, եւ, եւ.... Բարի, բայց ասոր մէջ ի՞նչ զարմանալի բան կայ։ Ո՞վ ըսած էր, որ թուրքը փոխուած է բնութենապէս... փոփոխութիւն չկայ, այլ՝ յառաջդիմութիւն կայ, յառաջդիմութիւն անով որ այն ինչ մէկ դար առաջ մեր ժողովուրդին նկատմամբ առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ իրագործեց՝ օգտագործելով տիրող իրավիճակը, մեր օրերուն նոյն բանը առանց քաշուելու կը կատարէ ամբողջ աշխարհին աչքերուն առջեւ... Ու ի՞նչ, մենք կը զարմանանք, ու մեր ժողովուրդէն հատուած մը, որ իրեն համար «ոչխարի հոգեբանութիւն»ը դրօշակ դարձուցած է, կը զարմանանք ու վայնասունով աշխարհին կ'ըսենք տեսէք, տեսէք, տեսէք թուրքը ինչ կ'ընէ. պարոնայք եւ տիկնայք, եթէ թուրքը չէ փոխուած, առաւել եւս մենք չենք փոխուած, եթէ թուրքը 100 տարի ետք նոյն վայրագութիւնները ի լուր եւ ի տես աշխարհին կը կատարէ, ուրեմն մտահոգուելու տեղ ունինք, թէ մենք է որ 100 տարի ետք չենք փոխուած...

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ հիւսիսը կատարուած իրադարձութիւններուն, մեզմէ ո՞վ չէր գիտեր, որ ցանկացած պահի կարելի էր այսպիսի սցենար մը իրագործուէր այդ շրջանէն ներս։ Եւ փոխանակ մեր ազգակիցներուն կեանքը ապահովելու համար զանոնք տեղափոխէինք աւելի ապահով վայրեր կամ նոյնիսկ Հայաստան, նախընտրեցինք պահել այնտեղ, որպէսզի հիմա ոչխարներ կտրած մայենք հա մայենք...

Թուրքը միշտ ալ թուրք է։ Այպանելին, սակայն, մենք ենք, որ գիտնալով այս իրականութիւնը ո'չ մէկ քայլ կատարած ենք կամ կը կատարենք այսօր, որպէսզի թուրքին թրքութիւնը չի վայելենք։ Օձի խայթոցէն զերծ մնալու համար կա'մ գլուխը պիտի տրորես, կա'մ եթէ ի վիճակի չես տրորելու պիտի այնպէս ինքդ քեզ պաշտպանես, որ զերծ մնաս օձի խայթոցէն։ Խայթուելէ ետք օձին մեղադրելը, որ խայթեց, պարզապէս յիմարութիւն է...