image

Թալ Ապեատի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ ճակատագիրը ...

Թալ Ապեատի Սուրբ Խաչ  Եկեղեցւոյ ճակատագիրը ...

Սագօ Արեան կը գրէ. 

 

Սուրիոյ հիւսիսային շրջաննեարուն մասին լուրեր հաղորդող էջեր վերջին ժամերուն աշխոյժ կերպով շրջանառութեան մէջ դրած են լուսանկարներ Թալ Ապեատի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մասին։ Լուսանկարներուն մէջ պարզ կը դառնայ, որ եկեղեցին պղծուած է անշուշտ Սուրիոյ ուղղութեամբ Անգարայի սկսած «խաղաղութեան աղբիւր» գործողութենէն գրեթէ տասը օր անց, երբ Թալ Ապեատի բոլոր հայ ընտանիքները շրջանէն կը հեռանային եւ կը հաստատուէին Հասաքէ եւ Գամիշլի։

Աւելի ուշ, այս անգամ թրքական հովանաւորութիւնը վայելող լրատուական կայքեր լուրեր կը տարածէին, որ նախքան թրքական գործողութեան սկիզբը, այս անգամ քրտական զօրամիաւորումներ կեդրոնի վերածած էին հայկական եկեղեցին: Իսկ շաբաթ օրը, այս անգամ Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերուն մօտիկ համարուող կայքը՝ «Ալ Պալատին» կը հաղորդէր, որ Սուրբ Խաչն ամբողջութեամբ մաքրուած ու վերանորոգուած է։
Բացայայտ է, որ ահաբեկիչ խմբաւորումներ կը վախնան Սուրբ Խաչի թեմայի արծարծումէն, մանաւանդ, որ պղծուած եկեղեցւոյ պատկերները մեծ արագութեամբ սկսան տարածուիլ։

Ճիշդ է նաեւ այն վարկածը, որ ընդդիմադիր ճակատներու լրատուական աղբիւրները անվստահելի աղբիւրներ են, սակայն աւելի քան յստակ է, որ մեր եկեղեցին դարձած է այսօր իր ամենաթէժ գիծին հասած եւ շարունակուող «տեղեկատուական պատերազմ»ի մասնիկ ու կռուախնձոր։

Ամէն պարագայի առաջին անգամը չէ, որ այս տիպի փորձանքներ կու գան Սուրբ Խաչի եկեղեցւոյ գլխուն եւ ասկէ առաջ «ՏԱՀԷՇ»ի ամէնէն աշխոյժ օրերուն եկեղեցին դարձած էր ահաբեկիչներու կայան եւ մեկուսարան։

Ի վերջոյ, ե՞րբ պիտի խաղաղի Սուրիան եւ անոր գողգոթայի խաչէն ե՞րբ վար պիտի առնուին հայութեան հաւաքական յիշողութեան մաս կազմող նշխարհ- մասնիկները։