image

«Վախենում եմ ես թոյլերից...» Մեկնաբանելով Պարոյր Սեւակի թեւաւոր խօսքը

«Վախենում եմ ես թոյլերից...» Մեկնաբանելով Պարոյր Սեւակի  թեւաւոր խօսքը

 Ամերիկահայ   գործիչ՝ Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ ՝

 

Ինչքան ճիշդ կը հնչեն Սեւակի այս խօսքերը: Անշուշտ ինծի յայտնի չէ թէ ի ՞նչ պայմաններու մէջ գրած է իր այս խօսքը, կամ շօշափելիօրէն ի ՞նչ թուլութեան օրինակի մասին է որ ան կ‘ակնարկէ: Սակայն համոզուած եմ թէ մարդկային տկարութեան ամենէն  վատ օրինակները հոն են, երբ մարդ տարատեսակ ճնշումներու, ատելութեան, նախանձի, վախի կամ ալ պարզապէս քաղաքական թէ նիւթական միջոցներ ձեռք ձգելու համար կը հեռանայ իր սկզբունքներէն, անշուշտ եթէ ան ի սկզբանէ սկզբունքներ ու չափանիշներ ունեցած է: Այդպէս կը պատահին բոլոր դաւաճանութիւնները: Անհատական կամ հաւաքական դաւաճանութիւնները կամ «ստորութիւնը» որուն կ‘ակնարկէ բանաստեղծը, նոյնիսկ եթէ անոնք առ երեւոյթ և որոշ ժամանակի համար կամ պատրուակներու խաւարին մէջ նկատելի չեն ըլլար: