image

«Յեղափոխութեան» աւա՞րտը

«Յեղափոխութեան»  աւա՞րտը

Սագօ Արեան 

 

Անոնք, որ մինչեւ հիմա բողոքի ալիքին եւ ցոյցերուն վրայ դրական յոյսեր ունէին, դժբախտաբար այսօր յուսախաբ պիտի ըլլան։ Յուսախաբ, որովհետեւ աւելի քան յստակ է, որ այն «երրորդ կողմ»ը, որուն մասին երկար ժամանակէ ի վեր կը խօսուէր, այսօր անցած է իր «սեւ» գործին։ Ուզէք կոչեցէք հինգերորդ շարասիւն, ուզէք կոչեցէք անյայտ  ձեռքեր, կամ վարագոյրի ետեւէն աշխատողներ, յստակ է, որ միտում կայ Պէյրութը վառելու։

Անշուշտ աւելի քան յստակ է, որ մինչեւ հիմա փողոցները եղող երիտասարդները, որոնք «բարի նպատակ» ունէին (յիշելով, որ քաղաքականութեան մէջ բարի կամ չար նպատակներ չկան, այլ կան շահեր եւ թելադրանքներ ու թելադրողներ...) մնացին ճարահատեալ իրենց պահանջներուն առջեւ եւ տեսնելով ու նկատելով, որ կարելի է քանդելով ինչ-որ նպատակի հասնիլ, միացան այդ «երրորդ կողմին», ստեղծելով համընդհանուր ցոյցերու տպաւորութիւն, միմիայն միամիտ մարդոց համար։

Ո՛չ պարոնայք, այսօր Պէյրութը այրել փորձողները Լիբանանի լաւը ուզողները չեն։

 
Երկիրը կաշառակերութենէն ու
փտածութենէն փրկել ուզողներ չեն։

 
Լիբանանը արդիական պետութիւն մը տեսնել ուզողներ չեն։


Աղքատութեան բարձր ցուցանիշները նուազեցնել ուզող չեն: 


Այլ պարզապէս կ՚ուզեն Պէյրութը այրել, մոխրացնել ու հրկիզել։

Անոնք, ինչպէս երէկ գրեցի, հին չկայացած, անհիմն ու չար արգանդի մէջ խեղդուած «վրէժ» մը կուզեն լուծել եւ կամակատար դառնալ շրջանային եւ միջազգային որոշ ուժերու, որոնց համար անմարսելի է տեսնել ուժեղ, մէջքը շիտակ, արժանապատիւ ու յաղթող Լիբանան մը։
Շատեր ըսածներուս մէջ «դաւադրութեան տեսութիւն» մը  կը տեսնեն, սակայն այդ ընկերներէս պիտի խնդրեմ քիչ մ՚աւելի խորքային ըլլան եւ հարցերուն նայիլ՝ հաշուի առնելով վերջին տարիներու զարգացումները, Սուրիոյ մէջ արեւմտեան թեւին պարտութիւնը, Եէմէնի եւ Իրաքի հարցերը ու մանաւանդ Թեհրան- Ուաշինկթըն գերլարուած իրավիճակը։

Նոյն պատկերը կը կրկնուի, ինչ որ եղած էր 70-ականներուն, անունները փոխուած են, դերերը վերաբաշխուած են, բայց կայ մէկ նպատակ՝ Լիբանանը դարձնել պատերազմի նոր դաշտ։
Ու կարեւոր չէ, թէ ով որո՞ւ դէմ՝ սիւննի- շիի՞թ, սիւննի-սիւննի՞, կամ քրիստոնեայ- շիի՞թ ... Մնացեալը հաւատացէք մանրամասնութիւններ են։

Յ.Գ. Ինծի համար այս պահուն գերխնդիրը Լիբանանի մեր համայնքի իրավիճակն է,  ու վստահ եմ, որ գաղութի ղեկավարութիւնը գլխաւորութեամբ հայկական աւանդական երեք կուսակցութիւններու ղեկավար մարմիններուն, Լիբանանի մէջ գործող երեք յարանուանութիւններու կրօնական առաջնորդներուն ու Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան, պիտի կարողանան պահպանել հայկական շրջաններուն անվտանգութիւնը։