image

Վատիկանէն կարեւոր ազդանշան. Սուրբ Զատկուան տօնը առանց հաւատացեալներու

Վատիկանէն կարեւոր  ազդանշան. Սուրբ  Զատկուան   տօնը  առանց հաւատացեալներու

 

 

Սագօ Արեան 

 

Վատիկանի կողմէ հրապարակուած յայտարարութեամբ մը յստակ կը դառնայ, որ Սուրբ Զատկուան բոլոր արարողութիւնները պիտի կայացուին առանց հաւատացեալներու ներկայութեան։ Խօսքն անշուշտ կը վերաբերի նաեւ Ծաղկազարդի եւ Աւագ Շաբթուան բոլոր արարողութիւններուն։ Պատարագը `Պատարագ եւ ծէսը ծէս, բայց մարդոց առողջութիւնը ամէն բանէ վեր։ Քրիստոնեայ աշխարհի բոլոր եկեղեցիները, աւելի քան վստահ եմ, որ պիտի հետեւին Կաթոլիկ աշխարհի սիրտէն եկող այս ազդանշանին։