image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի պէս փոքր երկրի մը համար ամէն օր նոր բացայայտուող վարակակիրներուն թիւը մտահոգիչ է. Դոկտ. Արա Սանճեան

Հայաստանի պէս փոքր երկրի մը համար ամէն օր նոր բացայայտուող վարակակիրներուն թիւը  մտահոգիչ  է. Դոկտ. Արա  Սանճեան

Արմատներով Լիբանանահայ եւ վերջին տարիներուն ԱՄՆ հաստատուած Դոկտ. Արա  Սանճեան  կը գրէ ՝

 

Անկախ թէ ի՛նչ են Հայաստանի կառավարութեան Մայիս 4-էն սկսեալ շրջագայութեան ու աշխատելու սեղմումները թուլցնելու դրդապատճառները, շատ կը խնդրեմ, որ ինչքան հնարաւոր է, ինքնակամ շարունակէք ապրիլ եւ աշխատիլ նախկին պարտադիր սահմանափակումներուն համահունչ։

 

Բժիշկ չեմ, բայց պարզ է, որ Հայաստանի պէս փոքր երկրի մը համար ամէն օր նոր բացայայտուող վարակակիրներուն թիւը տակաւին շատ մեծ է ու մտահոգիչ։ Նուազ խիստ պայմաններու տակ, ան կրնայ ալ աւելի բարձրանալ։

 

Այս վիրուսը կամ ժահրը շատ վտանգաւոր է ու մահաբեր։ Եթէ նման միջոցառումներու չդիմենք ու «նորմալ» ապրինք, աշխարհի վրայ զոհերուն քանակը տասնեակ միլիոններու կրնայ հասնիլ։

 

Վստահ եմ, որ Ֆէյսպուքի վրայ ընկերներուս մեծագոյն մասը բարձր ուսման տիրացած ու գիտակից անձինք են, բայց հեռուէն զգալի է թէ Հայաստանի մէջ շատ են այն քաղաքացիները, որոնք տակաւին չեն պատկերացներ վտանգի լրջութիւնը, եւ անոնց հետ, կը խնդրեմ, որ ինչքան հնարաւոր է, յարատեւ դաստիարակչական աշխատանք տանիք։

 

Անկախ այսօրուան իշխանաւորները կը պաշտէք կամ կ՛ատէք, զիրենք ազնիւ կամ յիմար կը համարէք (եւ ընկերներուս մէջ երկու «սորտէն» (sort) ալ կան), այս համաշխարհային արհաւիրքը կրնանք սահմանափել միա՛յն եւ միա՛յն իւրաքանչիւրս ինքզինք իր եւ իր շրջապատին համար առաջին պատասխանատուն համարելով։

 

Մի քանի շաբաթ առաջ, Լիբանանը (տարածքով՝ աւելի փոքր, բայց բնակչութեամբ՝ աւելի մեծ) Հայաստանէն առաջ էր ե՛ւ վարակուածներու ե՛ւ մահերու թիւով։ Հայաստանը քառասմբակ հասաւ ու անցաւ Լիբանանին։ Ուրեմն Հայաստանի մէջ սխալ բաներ կան, որ պէտք է սրբագրուին։ Եւ ուրիշը քննադատելէ առաջ, երանի ձեզմէ ամէն մէկը աշխատի իր հնարաւորութեան չափով ինքզինք եւ իր անմիջական շրջապատը աւելի ապահով դարձնել։

 

Յ.Գ. Եթէ կը կարծէք թէ այս կարճ գրութեամբ Հայաստանին անընդհատ խրատ տուող «նարինջ ուտող սփիւռքահայ» մըն եմ, ներողութիւն կը խնդրեմ - հակառակ, որ վերահաստատեմ թէ զգացումներս երբեք այդպիսին չեն։