image

Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի «սրտի խօսք»ը ուղղուած իր Քեսապցի համագիւղացիներուն. Յակոբ Չոլաքեան

Գարեգին  Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի    «սրտի  խօսք»ը  ուղղուած  իր  Քեսապցի համագիւղացիներուն. Յակոբ Չոլաքեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. Կաթողիկոս (յետագային Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց) գրած է իմ ՔԵՍԱՊ Ա.(Հալէպ, 1996) հատորին ՅԱՌԱՋԱԲԱՆը, որմէ հոս կը մէջբերեմ հայրենի Քեսապին մասին խօսող հատուածը, «սրտի խօսք մը»՝ ուղղուած իր «համագիւղացի հարազատներուն»:
 

*
* *

 
Քեսապը ծանօթ է արտասահմանի հայերուն. բայց շատերուն համար՝ սոսկ անունով կամ համբաւով եւ կամ տարտամ մտապատկերացումով: Մայր Հայրենիքի՝ Հայաստանի մէջ ալ մեր ժողովուրդէն շատերը, որոշ չափով, ծանօթ դարձան, մասնաւորաբար հայրենադարձութեան տարիներէն (1946-1947) ասդին, երբ Քեսապի զաւակներէն շատեր հայրենիք մեկնեցան եւ այնտեղ հաստատուեցան, բայց միշտ յիշելով իրենց ծննդավայր ու բնակավայր հայրենի գիւղերը եւ իրենց հայաստանաբնակ հայրենակիցներուն պատմելով իրենց հայրենական գիւղի կեանքին ու սովորութիւններուն մասին: Անոնցմէ շատերը իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն շրթունքներուն վրայ նոյնիսկ իրենց գաւառաբարբառը կենդանի պահեցին:
 

Հայկական սփիւռքի մէջ Քեսապը ունի իր իւրայատուկ տեղը: Գաղութ չէ, այդ բառին նեղ իմաստովը: 19-րդ կամ 20-րդ դարուն, բռնութեամբ եւ կամ հարկաւորաբար ՚արտասահմանեալՙ Մայր Հայրենիքէն, կամ կամաւոր մեկնումներով կազմուած հայկական հաւաքականութիւն չէ Քեսապի հայութիւնը, այդ իմաստով յար եւ նման ըլլալով այն միւս նոյնաբարբառ եւ նոյնաւանդ ու դարերու դրացնութեան մէջ ապրած ժողովուրդին, որ Մուսա Լերան մէջ դարերով իրագործեց իր կեանքը եւ սակայն արտասահմանուեցաւ Մեծ Եղեռնին, բայց մանաւանդ 1939 թուին, ֆրանսական հոգատար իշխանութեան կողմէ Սանճագի հարկադրեալ եւ անարդար պարպումովը եւ Թուրքիոյ պետութեան յանձնումովը:

Հոն, Քեսապի թէ Մուսա Տաղի մէջ, դարերը իրենց տեղն ու խօսքը ունին, առկայ, կենդանի ներկայութեամբ եւ ոչ թէ սոսկ պատմական յիշողութեամբ, անցեալի տեսական կամ մտապատկերային, երեւակայական վերարտադրութեամբ: Հոն քարն ու հողը, գետակներն ու ծովափները, անտառներն ու լեռները, դաշտերն ու այգիները, աղբիւրներն ու ջրաւազանները, եկեղեցիներն ու ուխտատեղիները, կրթական օճախներն ու հասարակական կազմակերպութեանց կեդրոնները պատմական բովանդակութեամբ հարուստ բառամթերք եւ լեզու ունին: Հոն կեանքը ուրիշ համ ունի: Ո՛չ քաղաքներու յատուկ եւ արուեստականութեամբ այնքան տիրապետուած, բնութեան հետ հաղորդակցութենէ կտրուած եւ աղմուկով ու խճողումով խեղդուած կեանքը: Այլ՝ բնութեան մէջէն աստուածային ստեղծագործութեան անխառն ներկայութիւնը զգացնող մարդկային հարազա՛տ կեանքը միախառնուած բնութեան իսկ տարրերուն հետ: Ո՛չ սոսկ ներկայի տրոփով կշռութացող կեանքը, այլ պատմական ժառանգութեան հարուստ տուեալներով եւ ուժեղ ներգործութեամբ ապրուող կեանքը, ուր երէկը այնքան սերտօրէն այսօրին է խառնոած, դէպի ապագայ ընթացող կենսագնացութեան ճամբուն վրայ, եւ ուր այսօրուան ձայներուն մէջէն ուժգին շեշտով կը հնչեն անցեալի ձայները եւ կը նուագեն հին, բայց անմաշ ՚գործիքներըՙ հայ հոգիի ինքնարտայայտութեան:

Ես չեմ կրնար աւելին ըսել կամ գրել առանց դառնալու անձնական եւ զգացական: Որովհետեւ, ամէն անգամ որ Քեսապ բառը հնչեմ, լսեմ, կամ տեսնեմ՝ ձայներ այնքան մտերիմ ներսուզութեամբ կ’արձագանգեն իմ մէջէն իմ մէջ: Սոսկ ծննդավայր չէ ան: Ո՞վ չունի ծննդավայր: Ո՛չ մէկ ծննդավայր որպէս աշխարհագրական վայր ծնուած երեխային համար նշանակութիւն ունի: Վայրը վայր է՝ ուր ալ ըլլայ այս երկրագունդին վրայ, նոյն հողն է, նոյն արեւը, նոյն օդը: Ծննդավայրը իմաստ եւ արժէք կը զգենու, երբ կը դառնայ սննդավայր: Կեանքի կազմաւորման օճախ: Անոր սկզբնադրոմշ կնիքը կը մնայ անաղարտ, անջնջելի: Մէկ խօսքով՝ երբ ծննդավայրը կը խառնուի մարդու ողջ հոգեղէն գոյութեան՝ այն ատեն կը դառնայ այն ինչ որ կարմիրն է արիւնին համար:

Հետեւաբար, այստեղ պիտի չփորձեմ արտայայտուիլ Քեսապի մասին, որուն պատկերը, պատմական, աշխարհագրական, ազգագրական, կրօնական, կրթական, տնտեսական, կենցաղական եւ ընկերային երեսներով այնքան հարազատ նկարագրումով եւ վերլուծումներով տրուած է այս հատորով, որ իր այնքան հարուստ բովանդակութեամբ եւ գիտական առողջ մօտեցումով ու մեթոտով իր տեսակին մէջ, անտարակոյս առաջինն է եւ ցարդ եղածներուն մէջ անբաղդատելիօրէն լաւագոյնը:

Այս հատորի հրատարակութեան ուրախութենէն մղուած՝ պիտի ուզէի սրտի խօսքս բաժնել իմ համագիւղացի հարազատներուն եւ ընդհանրապէս հայ ժողո-վուրդի բոլոր զաւակներուն, որոնց հետ, տարբեր-տարբեր երանգաւորումով, կը բաժնեմ նո՛յն արիւնը, նո՛յն հաւատքը, նո՛յն ժառանգութիւնը եւ նո՛յն ճակատագիրը:

 

*
* *

Պատմական բախտաւոր դարձուածքով մը Քեսապը զերծ մնաց մեր դարաւոր թշնամիին՝ Թուրքին կողմէ բռնագրաւուելու կամ իւրացուելու դառնագոյն եւ աղետաբեր ճակատագրէն: Մինչ Համաշխարհային Ա. Պատերազմի ընթացքին գործադրուած ցեղասպանութենէն եւ բռնի տեղահանութիւններէն ետք եւ ապա 1920-ական թուականներուն Կիլիկեան աշխարհի հայ ժողովուրդի անվերադարձ մեկնումէն ետք հայութեան պատկանած, հայ ժողովուրդի քրտինքով եւ արիւնով ոռոգուած ամբողջ գաւառներ, քաղաքներ, գիւղեր, աւաններ զրկուեցան իրենց բնական տէրերէն եւ անցան զանոնք եւ անոնց վրայ ապրող ու գործող ժողովուրդը շահարկող եւ կողոպտող ժողովուրդին՝ Թուրքին ձեռքը, Քեսապը մնաց Սուրիական պետութեան սահմաններուն ծիրին մէջ, եւ կը մնա՛յ մինչեւ այսօր:

Յաճախ ըսած եմ,- եւ ուրիշներու կողմէ ալ զգացուած եւ արտայայտուած իրողութիւն է,- որ Քեսապը «պատառ մը Հայաստան» է, Հայաստանէն դուրս: Հակառակ բազում վերիվայրումներու,- ինչպէս լայնօրէն բացատրուած է այս հատորի պատմական բաժիններուն մէջ,- ան կրցած է տոկալ, մնալ ինք իրեն հարազատ եւ շարունակել հայուն յատուկ տաղանդն ու նկարագիրը արժեւորել իր կեանքովն ու գործունէութեամբը: Նեղ ու լայն, տաք ու պաղ ժամանակներու մէջէն է անցած: Տեսակ-տեսակ իշխանութիւններու լուծին տակ է ինկած: Աքսոր, տեղահանութիւն, քանդում եւ աւերում անբաժանելիօրէն ներկայ են եղած անոր կեանքին մէջ: Բայց ծովը մնացած է ծով. ալիքներու այնքան յաճախակի փոթորկումներէն եւ փրփրացումներէն ետք ան միշտ վերագտած է իր ստեղծագործ, շինարար կեանքը: Անոր հանրային կեանքին մէջ, դպրոցական կրթութեան եւ դաստիարակութեան երեսը տիրապետող հանգամանք եւ տարողութիւն է ստացած: Մշակութային կեանքը անբաժան է եղած մշակական, գիւղատնտեսական կեանքէն: Տոկունութեան եւ յարատեւութեան ձգտումը եղած է այն ոսկեթելը որ դարերն ու կեանքի բոլոր երեսները՝ որպէս օղակները՝ վերածած է շղթայի:

Ներկայիս ան կը բոլորէ բարգաւաճութեան նոր շրջան մը Սուրիական Արա-բական Հանրապետութեան բարեխնամ հոգատարութեան տակ: Հողաշէն եւ քարապատ տնակները վերածուած են պեթոնով ու գեղահիւս քարապատումով հանգստաւէտ բնակարաններու, որոնցմէ ոմանք գեղագիտական ճաշակով կառուցուած եւ արդիական կեանքի յատուկ կենցաղային պայմաններով են օժտուած: Ճամբաներն ու փողոցները չեն այլեւս քարքարուտ կամ ցեխոտ: Արօրն ու խոփը, բրիչն ու բահը, կացինն ու մանգաղը տրաքթէօրներուն եւ ելեկտրաշարժ գործիքներուն առջեւ նահանջած են: Մախրի կամ քարիւղի լամբարի լոյսը փոխարինուած է ելեկտրականութեամբ: Ձայնասփիւռն ու հեռատեսիլը դուրս բերած են անոր ժողովուրդը կղզիացումի ու մեկուսացումի ճնշող հոգեբանական վիճակէն: Ճամբորդատար կամ բեռնատար գրաստին տեղ ինքնաշարժ մեքենան եկած է գիւղերը իրարու հետ սերտօրէն կապելու եւ գիւղախումբն ամբողջ քաղաքներուն հետ շարժուն հաղորդակցութեան եւ յարաբերութեան մէջ դնելու: Կենցաղային եղանակներն ալ, հագուստն ու կապուստը, տան ապրուստն ու կահոյքը, նիստն ու կաց, հիմնովին փոխուած են եւ աւելի մօտեցած քաղաքայինին:

Բայց այս բոլորին մէջ ես կ’ողջունեմ այն անփոփոխ ոգին, որ Քեսապցին կապուած կը պահէ իր հողին եւ նուիրուած՝ անոր մշակումին ու խնամքին, առաւել արդիւնաւորութեան բարիքներով եւ զարգացողական գործընթացով: Իմ ջերմ փափաքն է, որ մինչ արտաքին ձեւերն ու եղանակները կը փոխուին, մինչ քաղաքն ու քաղաքայինը երբեմն նոյնիսկ խուժելով ներս կը թափանցեն գիւղի կեանքէն ներս, քաղաքայնութիւնը, նեղ իմաստով քաղքենիութիւնը ստուերի տակ չթողու գիւղն ու գեղջկականութիւնը, որոնց մէջ կան այնպիսի մարդկային եւ հայկական արժէքներ, որոնց նօսրացումը կամ անհետացումը վստահաբար կորուստ մը պիտի ըլլան թէ՛ հայութեան եւ թէ Սուրիական հայրենիքին համար: Քեսապի արժէքը սոսկ օդն ու ջուրը չէ: Կեանքի, ապրելու այն մթնոլորտը, ոգին եւ վերաբերումը, որոնք մարդ էակը աւելի սերտօրէն կը կապեն Աստուծոյ ձեռագործ բնութեան: Քեսապը ամարանոց չէ միայն: Կեանքի եղանակ մըն է, ուր մարդկային առաքինութիւններ, պարզութեան, համեստութեան, չարքաշ աշխատանքի հետ կապուած մտայնութիւններ եւ կեցուածքներ բարիքներ են, որոնց կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը, արժէքն ու օգուտը օրէ օր առաւել եւս հրատապօրէն կը զգացուին եւ կը գնահատուին ճարտարաշինութեան եւ մեքենականութեան տիրապետութեան մեր այս օրերուն:

Առաջին հերթին, մեր թանկագին համագիւղացիները՝ իրենք որ այժմ կ’ապրին Քեսապի շրջանին մէջ, հարկ է որ առաւել չափով գիտակցին իրենց կեանքին առաւելութիւններուն եւ հպարտ զգան այդ գիւղին արժէքովը: Ստորակայութեան փորձիչ զգացումը, որ արդէն իսկ նահանջի մէջ է, ի սպառ չքանայ իրենց միտքերէն եւ սիրտերէն: Պատմական հարուստ անցեալի մը ժառանգորդներն են: Այդ ժառանգը պահելու եւ ճոխացնելու առաքելութիւնն ունին որպէս իրենց ճիտին պարտքը, իրենց արեան հետ շաղախուած տարրացումի աստիճանով: Գիւղին գեղջկականութիւնը որպէս բնութեան եւ հողին կապուածութիւն եւ մարդկային անսեթեւեթ եւ անարուեստականացեալ կեանքի ըմբռնում եւ կիրարկում՝ այնպիսի հազուագիւտ դարձող արժէք է, որ անոր սպասաւորն ըլլալ՝ մեծագոյն պատիւներէն մէկը կը համարեմ:

Իսկ այն համագիւղացիները, որոնք այժմ գիւղական այդ շրջանի տարածքէն դուրս, եւ քիչ մը ամէն տեղ կ’ապրին Սփիւռքի այս անծայրածիր ցրուածութեան մէջ, հարկ է որ իրենց սկզբնավայր գիւղը մի՛շտ ներկայ ունենան իրենց կեանքին մէջ: Անհրաժեշտ է որ իրենց բաժինը բերեն որպէս տեսակ մը «ծննդեան տուրք» եւ երբեմն-երբեմն այցելեն իրենց արմատներուն հողը, վերաթարմանան քաղաքներու մէջ ապրուող իրենց կեանքին պարունակէն ներս իրենց «գիւղացի» պատկանելիութեան զգացումին մէջ եւ իրենց միասնութեամբը եւ զօրակցութեամբը առաւել եւս ամրացնեն իրենց գիւղաբնակ հայրենակիցներու կորովն ու նուիրումը այդ «Պատառ մը Հայաստան»ին:

 

ԳԱՐԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ