image

Մեզի միացնողը գտէք, մեզի միացնողն է պէտք ...

Մեզի միացնողը գտէք, մեզի միացնողն է պէտք ...

Սագօ Արեան 

 

Իբրև արծիվ սավառնում ես լեռ ու ժայռ,
Թնդացնում ես երկինք, գետինք տենչավառ,
Սուրբ անունդ պետք է հիշվի դարեդար.
Հսկա լերինք քեզ ապաստան, Անդրանի՛կ:


Ճիշդ պիտի ըլլայ Անդրանիկը հանգիստ թողենք, հաշուի առնելով երկու կարեւոր բան...
Ո՞ւր եւ ինչ պայմաններու տակ, որ աղբիւրէն ջուր խմելով շարքային քաղաքացի Անդրանիկ Օզանեանը դարձաւ Զօրավար Անդրանիկ...
Ու նաեւ շատ խորը մտածելով, որ այսօր ամէն ժամանակէ աւելի մեզ իրար միացնող, իրար կապող, մեր արժէքը բարձրացնող թեմաներ ու խորհրդանիշներ են պէտք։
Անդրանիկը բոլորինս է, անոր անցած ուղին մեզի բոլորիս առինքնող ու վեհացնող ուղի է ու երբեք կարիք չկայ, որ ոչ նախարարը (որ ինք այս թեման այս կերպ բանալու մեծ սխալը թոյլ տուաւ), ոչ ալ Անդրանիկ «էութիւնը» սնուցած աղբիւր համարուող ՝ նախ ՍԴՀԿ-ն ու ապա ՀՅԴաշնակցութիւնը որեւէ կերպ շահագործուին, եւ իրար վրայ ցեխ թափելու առիթ դառնան։
Նախարարները կու գան ու կ՚երթան, սակայն Անդրանիկը, անոր դաւանած արժէքները, անոր վեհապանծ ուղին պիտի մնան։
Չեմ կարծեր, որ ցանկացած ծրագիր իրականացնելու համար հարկ է խառնել մոխիրները, հարկ է մասնատել մեր արժէքներու համակարգը կամ նոյնիսկ հարկ է վիրաւորել Արեւմտահայութեան դատին տէր եւ պաշտպան կանգնած մոհիկաններու վերջին սերունդները։
Մեզի միացնողը գտէք, մեզի միացնողն է պէտք ...
(Ստիպուած եղայ այս գրութիւնը թողարկելու, քանի վերջին օրերուն սփիւռքի տարբեր գաղութներ ապրող տասնեակ ընկերներ հարց կու տային ըսելով «Ընկեր ջան, իրաւ է՞, որ մեր նախարարը այսպէս կամ այնպէս կը մտածէ ... եւ իր արարքները միտուած են այսպէս կամ այնպէս ընելու...)։

 
Յ.Գ. Գրառումիս տակ, ոչ մէկ վիրաւորական խօսք արտօնելի է, ոչ մեծ Զօրավարին, ոչ նախարարին եւ ոչ ալ ՀՅԴ-ին մասին։