image

Ֆրանսական «միջնորդութիւն»ը ինկաւ. Հրաժարական տուաւ Լիբանանի ԱԳ նախարարը

Ֆրանսական  «միջնորդութիւն»ը  ինկաւ. Հրաժարական տուաւ Լիբանանի ԱԳ  նախարարը

 Սագօ Արեան 

 

 

Կարեւոր զարգացում մը. Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթիի հրաժարական տուաւ իր պաշտօնէն։ Ճիշդ է, իշխող քաղաքական ուժին համար անլուծելի չէ այս հարցը, սակայն ուշագրաւ զարգացում է այն իմաստով, որ վերջին շրջանին Փարիզի կողմէ ի գործ դրուած ու դեռ ալ դրուելիք միջնորդական առաքելութիւնը կարծես թէ ջուրը ինկաւ։ Հասկնալ՝ օղակը աւելի պիտի սեղմուի Լիբանանի վրայ։
Աստուած պահապան Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն։