image

Պէյրութի պայթումին հետեւանքով զոհուած հայորդիներուն թիւը հասաւ 15-ի. Մահացած է Անէթ Խաչիկեանը

Պէյրութի պայթումին հետեւանքով զոհուած  հայորդիներուն թիւը հասաւ 15-ի. Մահացած է Անէթ  Խաչիկեանը

 

 

 Սագօ  Արեան 

Ցաւօք Պէյրութի աղիտալի պայթումին հետեւանքով զոհերուն թիւը հասաւ 15-ի։Լիբանանեան Զահլէ քաղաքի հիւանդանոցին մէջ բժիշկներու օգնութեամբ 24 օր մահուան դէմ պայքար տանող մեր հայրենակցուհի Անէթ Խաչիկեանը այսօր առաւօտ փակեց իր աչքերը։ Նշեմ նաեւ, որ Պայթումին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին պատճառով շատ մը վիրաւորուածներ փոխադրուած էին հեռաւոր քաղաքներու հիւանդանոցներ, անոնցմէ էր նաեւ հանգուցեալ 60-ը անց հայուհին։ Ան ամուսնացած էր տեղացի արաբի մը հետ եւ մինչեւ այս պահը այլ տուեալներ չկան իր մասին։ Աստուած պահէ Լիբանանն ու Լիբանանահայութիւնը։