image
Հրատապ լուրեր:

«Պանք ալ ահտաֆ»ի դիմաց ՝ «խելացի հրթիռներ»

«Պանք ալ ահտաֆ»ի դիմաց ՝ «խելացի հրթիռներ»

 

Սագօ Արեան լրագրողի էջէն կը կարդանք՝

 

Իսրայէլեան օդուժը երէկ կէս գիշերին հարուածներ տուած է Դամասկոսի գիւղական հատուածի Զապատանի շրջանին ուղղութեամբ։ Ըստ «Ալ մարսատ ալ սուրի» կայքին,  հարուածները թիրախ ընտրած են Լիբանանեան «Հըզպալլա»ի պատկանող լերան մէջ փորուած ռազմական զինապահեստանոց մը։ Շրջանը կը կոչուի «Նապի Հապիլ» եւ հեռու կէտ մը չէ իսրայէլեան սահմանէն եւ դիրքերէն։ Մարդկային կորուստներու մասին տուեալներ չկան։

Յիշեցնեմ, որ այս հարուածները կը կատարուին «Հըզպալլա»ի առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլայի օրեր առաջ տուած հարցազրոյցէն ետք, ուր ան բառացիօրէն խօսեցաւ իրենց կուսակցութեան «Խելացի հրթիռներ» ունենալուն մասին։

Նասրալլա նաեւ յիշատակեց, որ «Դիմադրութեան պլոք»ը ներկայ փուլին ամենաուժեղն է իր ծննդոցի օրերէն ի վեր։
Եթէ կարծիքս հարցնելու ըլլաք, Իսրայէլեան այս հարուածները, ոչինչ կրնան փոխել գետնի վրայ։
 Իսրայէլ ունի մէկ կարեւոր մարտաւորութիւն արդուն պահել իր «զինանոց»ը եւ ցոյց տալ Իրանին, որ շատ կարեւոր «Պանք ալ ահտաֆ» ունի։ Իսկ դիմադրութիւնը, շատ աւելի հզօր եւ տինամիք բանալիներ ունի իր ձեռքերուն մէջ։
 Կ՚ապրինք կը տեսնենք։