image

Իրանեան հրթիռը դէպի Իսրայէլ ... եւ «հակահարուած»ը Դամասկոսի մէջ

Իրանեան հրթիռը դէպի    Իսրայէլ ...   եւ  «հակահարուած»ը Դամասկոսի մէջ

 

 Սագօ  Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք 

 

 Երէկ տեղի ունեցածը կատակ բան չէր. Խօսքը Իսրայէլի «Ալ Նագապ»ի «Ապու քրինաթ» շրջանին մերձ գտնուող «Տէմոնա» կորիզային կայանին մօտ ինկած հրթիռի մասին է։

 Ի դէպ դէպքէն անմիջապէս ետք Իսրայէլեան ուժեր հարուածեցին Դամասկոսի գիւղական հատուածին մէջ (Ալ Տըմայրի շրջան)  ռազմական կարգ մը կէտեր։ Ըստ «Ռօյթըրզ»ի թիրախ առնուած են միջին եւ հեառահար հասողութեան հրթիռներու պատրաստման կարգ մը կեդրոններ եւ նախնական նուեալներով։

Մինչ իսրայէլեան աղբիւրներ մինչեւ այս պահը տարբեր պատճառաբանութիւններ կուտան պաշտպանական համակարգի գրանցած թերացումին մասին, անդին իսրայէլացի քաղաքական գործիչ  Ավէկտոր Լիպէրման («Իսրայէլ Պէյթունա» կուսակցութեան առաջնորդ) նկատել տուած է, որ երկու հարիւր գիլոկրամ կշռող հրթիռի մը «տեղ հասնիլ»ը կը նշանակէ, որ իսրայէլեան պաշտպանական համակարգը ամբողջութեամբ ձախողած է։

Եղած դէպքը նորութիւն է վերջին տարիներու ընթացքին մանաւանդ, որ հրթիռը հատած է իսրայէլեան սահմանը։

 Այսպիսով Իրան շնորհիւ իր հրթիռային համակարգին ու առաջին անգամ ըլլալով  կը փոխէ խաղի մինչեւ հիմա առկայ բոլոր մակարդակի կանոնները եւ նոր իրավիճակի մը հիմը կը դնէ։

 Իսկ  այն ընթերցողներուն, որ յաճախ ձեռ կ՚առնեն արաբական պայքարը կամ «դիմադրութեան» կամքը, ապա այս դէպքը պիտի ցրէ, բոլոր մակարդակի հնչող  սկեպտիկ վերագրումներ, ըստ որուն արաբական դատը վաղուց արդէն գերեզմանուած է։

 Անոնց համար շատ տեղի է գրել «Չկայ դատ, որ կը գերեզմանուի, եթէ անոր ետին կայ պահանջատէր ու դատին հաւատացող նուիրեալ ...»

 Աւելին չըսենք։