image

Հրթիռներ ՝ Հալէպի «Վէրժին Կիւլպէնկեան մայրանոց»ի շէնքին մօտ. Շէնքին մէջ ապաստանած հայ ծերերը անվնաս են

Հրթիռներ  ՝  Հալէպի «Վէրժին Կիւլպէնկեան  մայրանոց»ի շէնքին մօտ.  Շէնքին մէջ ապաստանած   հայ ծերերը անվնաս են

Երէկ  ուշ  գիշերին  հրթիռարձակումներ  եղած են Հալէպի  խաղաղ  բնակչութեան  շրջաններու ուղղութեամբ: Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն:  Կը նշուի, որ հրթիռներ ինկած են  Հալէպի Սալահ Ալ Տին, Խալտիյէ   եւ  Նոր Գիւղի  (Հայ Ալ Միտան) «Վէրժին Կիւլպէնկեան մայրանոց»ի  շրջակայքը, ուր հրկիզուած է ծերանոցին դիմացը գտնուող բնակարան  մը եւ փուլ եկած  յարկաբաժին մը։  Վնասներ կրած է նաեւ Ծերանոցի տնօրէնին սենեակն ու խոհանոցը։   Մայրանոցին մէջ ապաստանած      ծերերը     վնասներ չեն կրած: Նշենք, որ   քաղաքին մէջ տիրող  պատերազմական ծանր իրադրութեան   հետեւանքով  եւ  Հալէպի   հայ  3 կրօնապետերուն յատուկ  կարգադրութեամբ    տասնեակ մեծահասակներ  փոխադրուած են «Կիւլպէնկեան մայրանոց» , ուր անոնց տրամադրուած է  յատուկ  յարկաբաժին մը: