image

Հալէպէն դէպի Երեւան նոր արտահո՞սք

Հալէպէն  դէպի  Երեւան նոր  արտահո՞սք

«Արեւելք»ի աղբիւրին  հաղորդումով տասնեակ  հալէպահայեր կը պատրաստուին     Երեւան    հաստատուիլ:  Մեր աղբիւրը նաեւ   յայտնեց, որ       Հալէպէն  Երեւան    գալ ուզող  հայորդիներուն թիւը կը  հասնի 30-ի: Անոնք անցնող օրերուն դիմումներ գրած են  Երեւանի  մէջ գործող   կազմակերպութեան մը, խնդրելով  փոխադրածախս  եւ  առաջին հանգրուանին  համար կեցութեան վայր: Մեր աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ առաջին անգամը չէ, որ հալէպահայերու  հարցերով  զբաղող ոչ կառավարական  կազմակերպութիւնը   կ'ապահովէ   հալէպահայերուն՝ Երեւան   գալու ծախսերը: Կը նշուի, որ     հաստատուիլ ուզող  մեր հայրենակիցները կը պատկանին  կարիքաւոր  խաւերու: Վերջին  շրջանին   Հալէպը թիրախ  կը դառնայ ծանր հրթիռարձակումներու եւ  Երեւան  հաստատուիլ  ցանկացող մեր հայրենակիցներուն  որոշումը   պայմանաւորուած է մասնաւորապէս ապահովական նկատառումներով: