image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ դարձած է առանց պատուհաններու քաղաք

Հալէպ դարձած է առանց պատուհաններու քաղաք

Հալէպի բնակիչները կորսնցուցած են իրենց տուներուն մէջ հանգիստ ձեւով ապրելու իրաւունքը: Կարելի չէ ոչ մէկ տուն կամ խանութ տեսնել առանց փլասթիքէ պատուհաններու եւ առաջամասերու: Կրկնուող ռմբակոծումները ստիպած են քաղաքացիները հրաժարիլ ապակեայ պատուհաններէն, որպէսզի ամէն անգամ նոր հրթիռարձակումէ ետք չստիպուին զայն փոխել:

Հարաւային Հալէպի «Նոր Գիւղ» (Ալ Միտան) թաղամասի վրայ գտնուող իր տան մէջ, անգլերէնի ուսուցիչ Ամմար Ուաթթարը, կոտրտած ապակեայ փոխարէն նախընտրած է փլասթիքէ ապակիներ անցընել իր տան պատուհաններուն: Ան AFP-ին կը պատմէ, «Հրթիռներու պատճառով ապակեայ ինչ որ ունինք կոտրուեցաւ, ապակեայ պատուհանները առաջին, երկրորդ եւ երրորդ անգամ փոխեցինք, սակայն այս անգամ պիտի չփոխեմ»:



 

2012-էն ի վեր Հալէպ քաղաքը խաղաղութիւն չունեցաւ, այս քաղաքին համար, որ բաժնուած է ընդդիմութեան իշխանութեան տակ գտնուող արեւելեան թաղամասերու եւ Սուրիոյ իշխանական ուժերու հսկողութեան տակ գտնուող արեւմտեան թաղամասերու, բանակի ներկայութիւնը, մարտերն ու փոխադարձ ռմբակոծումները դարձան մշտական երեւոյթներ: Նոյնիսկ զինադադարի պայմանագիրը, որ 27 Փետրուարէն ի վեր ուժի մէջ դրուած էր Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ, բազմիցս խախտուեցաւ եւ ձախողեցաւ: Կռիւներու եւ հրթիռարձակումներու հետեւանքով ժողովուրդը տարբեր թաղամասերու մէջ այլեւս հրաժարած է ապակի օգատագործելէ, որու գինը երթալով աւելի կը սղէր եւ որ պայթումներու ճնշումի հետեւանքով վնասակար ու մահացու բեկորներու կը վերածուէր: Հետեւաբար արեւելեան եւ նոյնպէս արեւմտեան թաղամասերուն մէջ կը հանդիպինք կիսաքանդ շէնքերու եւ տուներու, ուր պատուհաններն ու խանութներու ցուցափեղկերը ծածկուած են նայլոնով, փլասթիքով կամ խաւաքարտով:



 

Կարծես փողոցը կ'ապրինք:

Ուսուցչուհի Իսրաա Ալ-Մասրի , որ Միտան թաղամասի մէջ կ'ապրի, կը պատմէ ապակիի ու նայլոնի պատճառով իր կրած տառապանքին մասին: Իրենց տան մօտ ինկած հրթիռի մը հետեւանքով անոր աղջկան ոտքը ապակեայ բեկորի մը պատճառով վնասուած է: Շարունակուող ռմբակոծութեան պատճառով Իսրաա դադրեցուցած էր ապակեայ պատուհաններու վերանորոգումը եւ զանոնք փոխարինած ՝ նայլոնով, այս անգամ ալ դիմակայելով նոր դժուարութիւններու, սկսած միջատներու, փոշիի, այրուածքի հոտերու տուն մտնելէն եւ անտանելի աղմուկէն, որ կը խանգարէր երեխաներու դաս սորվիլը եւ կ'ազդէր անոնց առողջութեան վրայ: Ապակեայ պատուհաններու չգոյութիւնը անոնց զրկած էր նոյնիսկ առանձնութեան իրաւունքէն, նայլոնէ պատուհաններու ետին մարդիկ կը զգան, որ իրենց տունը բաց է իրենց դրացիներուն առջեւ: Իսրաա կ'աւելցնէ. «Անհատի առանձնայատկութիւնը հալէպեան ընտանիքներու համար սրբութիւն է, սակայն այսօր մենք չենք կրնար մեր տան մէջ հանգիստ նստիլ, կարծես փողոցը կ'ապրինք»:



 

Մոհամմէտ Ալ-Պուզ այս դրութենէն ամենաշատ վնասուածն է: Ան կ'ափսոսայ ռմբակոծման հետեւանքով կոտրտուած իր ապրանքներուն վրայ: Ապակեայ ապրանքներու վաճառքի խանութի սեփականատէր Մոհամմէտը կը պատմէ, որ ապակեայ ապրաքները բազմիցս ջարդուած են եւ այլեւս նորը չի կրնար բերել, որովհետեւ ապահովութիւն չկայ եւ ժողովուրդը հրաժարած է ապակեայ իրեր գնելէ:

Այսօր Հալէպի մէջ ապակեայ մէկ շերտի արժէքը կը կազմէ 3300 սուրիական ոսկի, մինչ անցեալին, նախքան պատերազմը անոր արժէքը կը կազմէր 425 սուրիական, իսկ նայլոնի մեթրին գինը առաւելագոյն 500 սուրիական է:

Նայլոնը չի վնասեր:

Հալէպի միւս կողմը, արեւելեան թաղամասերուն մէջ պատկերը նոյնն է: Ապու Մոհամմէտի Ալ-Զապատիա թաղամասի վրայ գտնուող օծանելիքի եւ շպարի տեսականիի վաճառատան ցուցափեղկը բոլորովին քանդուած է: «Ես ապակին նայլոնով փոխարինեցի, որովհետեւ աւելի աժան է, մանաւանդ որ այս շրջանին մէջ ռմբակոծութիւնները յաճախակի են եւ որեւէ ատեն կրնայ պատահիլ»:

Ալ-Պապ թաղամասի ճամբուն վրայ գտնուող 69 տարեկան Ապու Ումարի արաբական աւանդական ճարտարապետական ոճով կառուցուած տունը կորսնցուցած է իր շքեղութիւնը, անոր «Ֆրանսական բարձր ոճի գունաւոր ապակեայ դռներն ու պատուհանները քանդուած էին»: Սակայն նայլոնի օգտագործումը տարբեր տեսակի խնդիրներ առաջացուցած էր Ապու Ումարին համար, կապուած՝ աղմուկի, ջուրի հոսքի եւ մասնաւորապէս «թափառող կատուներու պատճառով, որոնք պատռելով նայլոնը տուն կը մտնէին սնունդ գտնելու համար»:

Հակառակ նայլոնի օգտագործումէն բխող խնդիրներուն, այնուամենայնիւ շատեր անոր օգուտը կ'ամփոփէին մէկ բանի մէջ՝ նայլոնը ապակիի նման մեծ վնասներ չի պատճառէր եւ քանդուելով բեկորներու չի վերածուիր: