image

Զինեալներ թիրախ դարձուցին Հալէպի Սըլայմանիյէ շրջանը.Այսօր զոհուած են 16 քաղաքացիներ

Զինեալներ թիրախ  դարձուցին Հալէպի Սըլայմանիյէ  շրջանը.Այսօր  զոհուած են 16 քաղաքացիներ

Այսօր  յետմիջօրէին   ծանր  հրթիռարձակումներ  եղած են Հալէպի  Սըլէյմանիյէի շրջանին վրայ:  Այս մասին  տեղեկութիւնը փոխանցեց  «Արեւելք»ի  Հալէպի  աղբիւրը: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ  հրթիռարձակումներուն հետեւանքով  հրդեհներ ծագած են   Աուճէթ Ալ Ճըպ  շրջանի Վէնէզուելա թաղամասին  մէջ: Ըստ  AFP  լրատուական  գործակալութեան,  այսօր եղած հրթիռարձակումներուն   հետեւանքով զոհուած են  16     քաղաքայիններ: Աւելի  վաղ  յայտնած էինք, որ Սուրիոյ բանակի հայ զինուոր Ճորճ Ասսալը   զոհուած էր Տէր Զօրի մէջ  Տահէշ ահաբեկչական  խմբաւորման  դէմ ընթացող մարտերուն: