image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպէն Նոր արտահոսք դէպի Աւստրալիա

Հալէպէն  Նոր արտահոսք դէպի Աւստրալիա

Հալէպահայերու նոր արտահոսք կը սպասուի դէպի Աւստրալիա: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ վերջին շաբաթներուն մեծ թիւով հալէպահայեր իրենց ընտանիքներով դիմում կատարած են Աւստրալիոյ Պէյրութի ՄԱԿ-ի գաղթականներու գրասենեակ, ուր թղթատարական հարցեր լուծելէ ետք կը  դիմեն  Պէյրութի մօտ Աւստրալիոյ   դեսպանատուն: Մեր աղբիւրը նաեւ  կը փոխանցէ, որ ներկայ պահու դրութեամբ  Աւստրալիոյ կողմէ, որպէս գաղթական ընդունուողներու նախատեսուած թիւը կրնայ հասնիլ 2000-ի եւ գաղթականներու մեծամասնութիւնը պիտի ըլլաn քրիստոնեաներ: Հալէպի մէջ խուճապային տրամադրութիւններ չկան, բայց  վերջին շրջանին քաղաքին մէջ եղող անապահով իրավիճակին  եւ սղաճին  պատճառով քիչ չէ թիւը այն հալէպահայերուն, որոնք կը պատրաստուին  վերջնականապէս  լքել  իրենց ծննդավայրը եւ հեռանալ դէպի Աւստրալիա: