image

Հալէպի հանրային պարտէզը ծանրօրէն հրթիռարձակուած. Կան զոհեր

Հալէպի հանրային պարտէզը ծանրօրէն  հրթիռարձակուած. Կան զոհեր

Այսօր յետմիջօրէին     Հալէպ դարձեալ թիրախ դարձած է ծանր հրթիռարձակումներու:   Այս  մասին տեղեկութիւն ստացանք «Արեւելք»ի  Հալէպի աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը  նաեւ կը փոխանցէ, թէ      այսօր  յետմիջօրէին  ահաբեկիչ   զինեալներ թիրախ  դարձուցած են  յատկապէս Հալէպի հանրային   պարտէզի  շրջանը: Նախնական   տուեալներով կան 8    զոհեր եւ 50   վիրաւորներ: Նշենք, որ հանրային պարտէզը կը գտնուի Հալէպի կեդրոնական «Սաատ Ալա Ալ Ժապէրի» հրապարակին  մօտ:  Մեր տուեալներով       շրջանին վրայ   եղած   հրթիռարաձկումները կատարուած են  Հին  Հալէպ  անունով յայտնի եւ Պուսթան Ալ Քասըր շրջաններէն: Մեր   տուեալներով  մինչեւ այս պահը հայ         տուժածներու մասին տուեալներ չկան: