Չորեքշաբթի օր Հալէպի հայկական շրջանները դարձած են թիրախ ընդդիմադիր զինեալներու հրթիռարձակումներուն: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը հաղորդեց, որ չորեքշաբթի յետմիջօրէին պայթուցիկ տակառներ ինկած են «Թէլէֆոն Հաուաի»ի շրջանին մօտ՝ պատճառելով նիւթական ծանր վնասներ: Տրուած ըլլալով, որ հրթիռները ինկած են Հալէպի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մօտ եղող տարածքին մէջ, «Արեւելք» կապ հաստատեց Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի նախագահ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանին հետ: Վերապատուելին, որ հաւաստեց, թէ հրթիռներուն հետեւանքով մարդկային կորուստներ չեն եղած, չթաքցուց նաեւ, որ Հալէպի հայկական շրջանակներուն համար, չորեքշաբթի օրը եղած է շատ ծանր օր մը: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Այսօր բաւական դժուար օր էր մեզի համար եւ երկու հրթիռներ ինկան մեր եկեղեցիին մօտ: Դպրոցին բարձրագոյն յարկը մեծ թիւիով երեխաներ քննութիւն կը ներկայացնէին եւ անոնք հրաշքով փրկուեցան»: Վերապատուելի Սէլիմեան, որ հրթիռարձակումներէն անմիջապէս ետք հասած է դէպքի վայր, նկատել տուաւ, որ հրթիռները պատճառած են նիւթական մեծ վնասներ: Նշենք, որ Հալէպի տարբեր շրջաններ եւս ենթարկուած էին ծանր հրթիռարձակումներու՝ խլելով 6 անձերու կեանքը եւ պատճառ դառնալով տասնեակ անզէն քաղաքացիներու վիրաւորման: