image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Հրթիռներ ինկած են Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մօտակայքը (Լուսանկարներ)

Հալէպ. Հրթիռներ ինկած  են   Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ  մօտակայքը   (Լուսանկարներ)

Չորեքշաբթի օր Հալէպի հայկական շրջանները դարձած են թիրախ ընդդիմադիր զինեալներու հրթիռարձակումներուն: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի  իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը հաղորդեց, որ չորեքշաբթի յետմիջօրէին  պայթուցիկ  տակառներ ինկած են  «Թէլէֆոն Հաուաի»ի շրջանին  մօտ՝ պատճառելով  նիւթական ծանր վնասներ: Տրուած  ըլլալով, որ հրթիռները ինկած են Հալէպի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մօտ եղող տարածքին մէջ, «Արեւելք» կապ հաստատեց Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի նախագահ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանին հետ: Վերապատուելին, որ  հաւաստեց, թէ հրթիռներուն հետեւանքով մարդկային կորուստներ չեն  եղած, չթաքցուց նաեւ, որ Հալէպի հայկական շրջանակներուն համար, չորեքշաբթի օրը եղած է շատ  ծանր օր մը: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Այսօր բաւական դժուար օր էր մեզի համար եւ երկու  հրթիռներ ինկան մեր եկեղեցիին մօտ:    Դպրոցին բարձրագոյն յարկը մեծ թիւիով երեխաներ քննութիւն կը ներկայացնէին եւ անոնք հրաշքով փրկուեցան»: Վերապատուելի Սէլիմեան, որ հրթիռարձակումներէն անմիջապէս  ետք  հասած է դէպքի վայր, նկատել տուաւ, որ հրթիռները պատճառած են նիւթական մեծ  վնասներ: Նշենք, որ Հալէպի տարբեր շրջաններ եւս  ենթարկուած էին ծանր հրթիռարձակումներու՝ խլելով 6 անձերու կեանքը եւ պատճառ դառնալով տասնեակ անզէն քաղաքացիներու  վիրաւորման: