Այսօր Թարթուսի մօտ գրանցուած ահաբեկչական պայթումներուն հետեւանքով զոհուածներուն մէջ հայեր չկան: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Թարթուս քաղաքի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ քաղաքը կը գտնուի բնականոն վիճակի մը մէջ հաւաստելով, որ պայթումները եղած են քաղաքէն բաւական հեռու գտնուող հիմնական մայրուղիի Արզունա կամուրջին տակ: Նշենք, որ պայթումին հետեւանքով ցարդ զոհուածներուն թիւը հասած է 40-ի եւ վիրաւորներունը` 50-ի: Տարբեր աղբիւրներ նոյնպէս կը փոխանցեն, որ այսօր ահաբեկչական պայթումներ եղած են Հասաքէյի «Տուար մաշո», Դամասկոսի գիւղական «Սապպուրա» եւ Հոմսի «Հայ Ալ Զահրա» շրջաններուն մէջ: Թարթուսի մերձ եղած պայթումներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը:
Լուսանկարը ՝ ՍԱՆԱ գործակալութեան