image

Հալէպ տանող ճանապարհները բաց են, բայց ....

Հալէպ տանող   ճանապարհները  բաց են,  բայց ....

Հալէպ տանող   երկու հիմնական ճանապարհները  կը շարունակեն մնալ  բաց:  Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ վստահեցուց, որ  դէպի Հալէպ տանող   Քասթէլոյի  գլխաւոր ճանապարհը  բաց է, բայց անոր շուրջ  առկայ ահաբեկիչ զինեալներու  դիրքերը   ճանապարհը   կը դարձնեն թիրախ  եւ վտանգաւոր: Այլ գետնի վրայ եւ ըստ լրատուական աղբիւրներու  Սուրիոյ բանակը կարեւոր   համարուած  գործողութեամբ իր տիրապետութեան տակ առած է Հալէպի  Հարաւ- արեւմտեան հատուածին մէջ  գտնուող  Րամուսա  աւանը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ  այդ շրջանին  մէջ եղող ընդդիմադիր ջոկատներ  ծանր կորուստներ կրելով խոյս  տուած  են    շրջանի ճակատներէն:  Նշենք, որ ասկէ շուրջ  ամիս մը առաջ  Րամուսան   անցած  էր ընդդիմադիր ջոկատներու տիրապետութեան տակ:  Այսպիսով Սուրիոյ  բանակը   յաջողած է ոչ միայն վերագրաւել  ամիս մը առաջ  իր կորսնցուցած  դիրքերը, այլ  ընդդիմադիրներուն դէմ դրուած   պաշարման օղակը  աւելիով սեղմել: Սուրիոյ բանակի մէկ բանբերը յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով յայտնած է, թէ Րամուսայի ճանապարհը    քաղաքացիներուն առաջ պիտի բացուի յառաջիկայ ժամերուն: