image

«Ես ալ ընտանիքիս հետ պատրաստ եմ ալ հեռանալ Հալէպէն». Ուրբաթ օր մահէն փրկուած հայուհի (լուսանկարներ)

«Ես ալ ընտանիքիս հետ պատրաստ եմ ալ հեռանալ Հալէպէն». Ուրբաթ օր մահէն փրկուած հայուհի (լուսանկարներ)

«Մենք երկու զաւակ ունինք, զաւակներս եւ ամուսինս աս ձեր տեսած քարերուն տակէն ելան եւ հրաշքով փրկուեցան»,-  «Արեւելք»ին ըսաւ Գոհար Գալուստեան: Հալէպ բնակող հայուհին նաեւ յայտնեց, որ ուրբաթ օր եղած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով իրենց բնակարանը ծանրօրէն վնասուած է եւ աւերակուած վիճակ մը ունի (տեսնել լուսանկարները): Գոհար, որ կինն է Ժանօ Գալուստեանի,    «Արեւելք»ին խօսելով պատմեց, որ իրենց տունը երկու հրթիռ ինկաւ,  առաջինը՝ ժամը 1:20 (ուրբաթ օր),  եւ երկրորդը`  դէպքէն տասը րոպէ ետք,   եւ տունը ծանր վնասներ կրեց: «Փառք Աստծոյ, որ կրցանք այս ծանր վիճակէն ետք ողջ-առողջ դուրս գալ»,-ըսաւ ան: Գալուստեան նաեւ յուսահատական շեշտով մը խօսելով ըսաւ, որ ամբողջ հալէպահայութիւնը այսօր վտանգաւոր վիճակի մը մէջ է եւ իրենք ամէն օր կը պայքարին մահուան դէմ: Ան այս առումով ըսաւ «Ես կը կարծեմ, որ հալէպահայութեան համբերութիւնը սպառած է: Դժխբախտաբար մեր քաղաքի պատերազմը վերջանալիք չունի եւ կը մաղթեմ, որ բոլոր հոս գտնուող հայերը դուրս գան այստեղէն,  ու ես ալ ընտանիքիս հետ պատրաստ եմ ալ հեռանալ Հալէպէն»: