image

Հալէպի ոչ բոլոր հայկական դպրոցները փակ են այսօր (լուսանկար)

Հալէպի ոչ բոլոր հայկական դպրոցները  փակ են այսօր  (լուսանկար)

Հալէպի  ոչ բոլոր հայկական  դպրոցները փակ են այսօր: Այս մասին  «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի  իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ  յայտնեց, որ մինչ Հալէպի  Ազգային վարժարանները  այսօր  փակ պահած են իրենց դռները, միւս կողմէ Հայ Աւետարանական, «Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան» եւ ՀԲԸՄ-ի  վարժարանները     բնականոն  կերպով կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը:

Մեր  աղբիւրը  նաեւ փոխանցեց, որ Հալէպի Ազգային վարժարանները   այսօր փակուած են ապահովական մտահոգութիւններով, կապուած մասնաւորապէս Հալէպի արեւելեան շրջաններուն  մէջ ընթացող   զարգացումներով:

 

Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց,  որ անցնող  ժամերուն  պետական մարմիններ թռուցիկներ (տեսնել ՝ լուսանկարները)   նետած են Հալէպի արեւելեան շրջաններուն վերեւ՝  կոչ ուղղելով զինեալներուն նետելու իրենց  զէնքերը եւ յանձնուելու  Սուրիոյ բանակին, խոստանալով  համապատասխան ձեւով վարուիլ    եւ մարդկային վերաբերմունք ցուցաբերել, բոլոր վիրաւորներուն հետ: