image

Այս դատին միջոցաւ պիտի տամ իմ պատասխանս. Վարդգէս Եղիայեան (Տեսանիւթ)

Այս դատին  միջոցաւ պիտի տամ իմ պատասխանս. Վարդգէս Եղիայեան (Տեսանիւթ)

Օրերս   հայրենի «Շողակաթ»    կայանը   հանրութեան ներկայացուցած է    ամերիկահայ   յայտնի  փաստաբան Վարդգէս Եղիայեանի  եւ անոր գործընկերներուն  գործունէութիւնը լոյսին  բերող «Դրամին միւս երես»ը խորագիրը կրող   տեսանիւթ մը:  Լրագրող Նելլի Ռաֆայէլեանի պատրաստած  տեսանիւթին մէջ    կարեւոր տեղեկութիւններ  կը ներկայացուին Ֆրանսական «Ալ Աքսա»   ապահովագրական ընկերութեան դէմ  բացուած  դատերուն ու ապա   այդ  գործընթազէն բխած  հարցերուն մասին:  Ստորեւ  մեր  ընթերցողներուն  հակիրճ կերպով կը ներկայացնենք տեսաֆիլմի        ընդհանուր նիւթը:

 Յիշեցնենք, որ  հայոց ցեղասպանութիւնը  իրաւական հարթակ  եւ հատուցման փուլ տանելու աշխատանքներուն առընթեր  ԱՄՆ-ի մէջ գործող  «Վարդգէս Եղիայեան փաստաբանական գրասենեակ»ը կարեւոր եւ առաջատար ներդրում  ունեցած է:

 

 Ստորեւ  կը ներկայացնենք տեսաֆիլմին  նիւթը:

    Ամերիկահայ փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան Եղեռնին զոհուած հայերու ամերիկեան դրամատուներուն մէջ ունեցած ապահովագրական գումարները դատական ճանապարհով ետ ստանալու մտայղացումը ունեցած էր: Ան 2005-ին յաջողած է ձեռք ձգել 1915-1923-ին Օսմանեան կառավարութեան տարիներուն ամերիկեան դրամատուներու մէջ հայերու ունեցած ապահովագրութիւններու մասին արխիւային փաստաթուղթեր եւ երկու այլ փաստաբաններու՝ Մարք Կիրակոսը եւ Պրայըն Կապաթէքի հետ  խմբային դատ բանալով ամերիկեան «Նիւ Եորք Լայֆ»ի եւ ապա ամերիկայի մէջ գործած ֆրանսական «Ագսա» ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ փաստաբանները դատը շահած էին: «Նիւ Եորք լայֆ»էն ստանալով 20 միլիոն, իսկ «Ագսա»էն 17,5 միլիոն տոլար փոխհատուցում:

 Դատարանի որոշմամբ փաստաբաններու ձեռք ձգած գումարները բաշխուած էին

 այդ նպատակով ստեղծուած մարմիններու մարմիններու աջակցութեամբ եւ հսկողութեամբ: «Ագսա»ն ֆրանսական ընկերութիւն ըլլալուն համար, յանձնախումբը Ֆրանսայէն եղած էր, Սամ Շնորհոքեանի ատենապետութեամբ, որոնց կողմէ 13,000 ապահովադիրներու հնարաւոր ժառանգներուն գտնելու  ծաւալուն աշխատանքը տարիներ տեւած էր:

Փաստաբանները համաձայնութիւն տուած են, որ, «Ագսա»էն  ստացուած փոխհատուցման գումարներու բաշխումը իրականացուի Բարսեղ Գարթալեանի ղեկավարութեամբ: Որոշ ժամանակ անց դրամաբաշխութեան մարմնին միացած է նաեւ փաստաբան Պերճ Պոյաճեան: Ֆրանսայի յանձնախումը համաձայն գտնուած է, վստահելով «Նիւ Եորք Լայֆ»էն ստացուած գումարներու բաշխման ժամանակ անոր ձեռք ձգած փորձառութեան:

 

Սակայն, որոշ ժամանակ անց Ֆրանսայի յանձնախումբը գանգատներ սկսած է ստանալ անոնց աշխատանքներուն մասին եւ Գաիֆորնիոյ գրասենեակէն պահանջած է ապահովագրութիւն ստացողներու թղթապանակները, ստուգելու համար գործընթացի թափանցիկութիւնը: Դրամաբաշխութեամբ զբաղուող մարմինը յանձնախումբին տեղեկութիւններ չէ տրամադրած 17 միլիոն գումարի բաշխման ձեւի մասին, ոչ ալ ապահովադիրներու թղթապանակները տրամադրած են, անոր փոխարէն  փաստաբան Պրայըն Կապաթէքէն նամակ մը ստացած են, ուր կը տեղեկացնէ, որ դրամները ժառանգներուն բաժնուած են, գործը վերջացած է, Ֆրանսայի յանձնախումբին կը մնայ վաւերացնել այդ ամէնը եւ լուծարել ինքզինք:

Ֆրանսայի վերահսկիչ յանձնախումբը իր կասկածներու մասին գրած է դատաւոր Քրիսթինա Շնայտըրին, որ փաստաբաններէն պահանջած է հաշիւները ուղղարկել Ֆրանսա: Յանձնախումբի ատենապետ Շնորհոքեան խօսելով այս մասին, նշած է. «հաշիւները երբ ստացանք,յստակ էր, որ շատ մեծ գումարով դրամ պակաս էր այդ հաշիւներուն մէջ, արագ ակնարկով մը մօտաւորապէս 2,5 միլիոն տոլար որ յատկացուած էր ժառանգորդներուն գրուած էր ուրիշ հաշիւի մէջ, որու մասին ոչ մէկը լուր ունէր, առաւել մօտաւոր 3 միլիոնի չափ գումար մնացած էր, որ պէտք էր բաժնուէր, այսինքն 5,5 միլիոնի չափ դրամ կար որ չէր յատկացուած»:

 

Ֆրանսայի յանձնախումբի պահանջով դատաւոր Շնայտըրը որոշում կայացուցած է, վերստուգել Բարսեղ Գարթալեանի ղեկավարած գրասենեակի աշխատանքը:

Ֆրանսայի յանձնախումբը իր ուժերով ուսումնասիրած է 800 թղթապանակ եւ յայտնաբերած խախտումներ այմ մասին, որ գումարներ վճարուած են  մարդոց, որոնք շահառուի կարգավիճակ չունին եւ ժառանգորդ չեն հանդիսանար: 30 ապահովադիրներ չեն ստացած իրենց անդորրագրերը, 74 շահառուներ վճարուած են մասնակի: Յանձնախումբը յայատնաբերած է վճարուած անդորրագրեր, փաստաբաններ Պերճ Պոյաճեանի եւ Բարսեղ Գարթալեանի բարեկամներու անունով:

 

Ցեղասպանութեան ժամանակ ամբողջ ընտանիքով զոհուած եւ ժառանգորդներ չունեցող ապահովադիրներուն գումարները, որ կազմած էր մօտ 3 միլիոն տոլար, դատարանի որոշմամբ պէտք է նուիրաբերուէր Ֆրանսայի մէջ գործող հայկական բարեգործական տարբեր կազմակերպութիւններու, այդ նպատակով Ֆրանսայի մէջ պէտք է հիմնադրամ ստեղծուէր, բայց քանի որ հիմնադրամի ստեղծամ պարագային պետութեան տուրք պէտք է վճարուէր, փաստաբանները որոշած են առանց հիմնադրամ ստեղծելու իրենց ուժերով բաշխել այդ գումարները:

Ֆրանսայի յանձնախումբի փարիզեան ատենապետ Սամուէլ Շնորհոքեանի տեղեկացմամբ, այստեղ եւս տեղի ունեցած են զեղծարարութիւններ: Հայկական կազմակերպութիւններուն հասանելի գումարը մեծ մասամբ տրուած են այն համալսարաններուն ուր ուսած  են փաստաբաններէն երկուքը:

 

այս բոլորէն ելլելով, Ֆրանսայի յանձնախումբը որոշած է դատ բանալ փատաբաններուն դէմ, կապ պահած է ամերիկայի FBI-ի հետ եւ իրենց փոխանցած է տոմարները, կապ պահած է նաեւ «Ագսա» ընկերութեան կեդրոնական գրասենեակի եւ նախագահին հետ, տեղեակ պհելու համար եղած զեղծարարութիւններուն մասին:

 

Այս գործընթացները եւ դատական քաշքշուքները տեւած են  մի քանի տարի: 2015-ին Գալիֆորնիոյ Փաստաբաններու միութեան դիմում եղած է, երեք փաստաբաններուն նկատմամաբ  ծառայողական քննութիւն կատարելու: ֆրնասայի յանձնախումբը բողոք ներկայացուցած է նաեւ Գալիֆորնիոյ կեդրոնական դատախազութեան մօտ, որ  մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է հարցի նկատմամբ:

 

Ներկայիս երեք դատ բացուած է երեք փաստաբաններու   Պերճ Պոյաճեանին, Վարդգէս Եղիայեանին եւ Եւիկէնի դէմ:

 

Փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան այս մասին խօսելով նշած է, որ շատ մը զեղծարարութիւններ ինք անձամբ բացայայտած է եւ Պերճ Պոյաճեանին դատի տալով, որոշ գումարներ ետ վերականգնած է, որուն այս գործի մէջ ներգրաւուելուն ի սկազբանէ դէմ եղած է, ծանօթ ըլլալով անոր անցեալին: «Ես ոչ մէկ տեսակ զեղծարարութեան մասնակից չեմ եղած եւ հարկ եղած պարագային պատրաստ եմ ներկայացնել ապացոյցներ: Շատ ուրախ եմ որ իմ դէմս այս հարցով դատ մը կայ հիմա, որովհետեւ այս դատի միջոցաւ պիտի տամ իմ պատասխանս, բոլոր գողութիւն ընող անձերը պատասխան պիտի տան, ես փաստաթուղթեր ունիմ»,- ըսած է Եղիայեան: