image

Բողոքի ցոյցեր Պէյրութի մէջ. Ցուցարարները շիշեր նետած են վարչապետին ուղղութեամբ (Լուսանկարներ)

Բողոքի   ցոյցեր Պէյրութի մէջ. Ցուցարարները   շիշեր նետած են վարչապետին ուղղութեամբ (Լուսանկարներ)

 Այսօր կէսօրուան  ժամերէն  սկսեալ բողոքի  մեծ   ցոյցեր  եղած են Պէյրութի մէջ:    Պէյրութի կեդրոնական «Ռիատ Ալ Սոլհ» հրապարակին վրայ  հաւաքուած հազարաւոր ցուցարարներ  կառավարութիւնէն կը պահանջեն չեղեալ համարել   օրեր առաջ      տարբեր   ոլորտներու մէջ սահմանուած նոր տուրքերը:  Վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ      ցոյցի     շրջանը  հասնելով  յայտարարած է, որ կառավարութիւնը   մեծ ճիգեր  պիտի իրականացնէ  պայքարելու համար   փտածութեան  դէմ: Ըստ «Ալ ժատիտ»  կայանին    մինչ  վարչապետ Հարիրի իր խօսքը կ'ուղղէր     մաս մը ցուցարարներ   կերպընկալէ շիշեր  նետած են անոր ուղղութեամբ:  Աւելի ուշ   վարչապետը Թվիթըրեան գրառում մը կատարելով  ցուցարարներէն պահանջած է կազմել   յատուկ մարմին մը եւ ներկայացնել իրենց պահանջները  կառավարութեան:  Իր կարգին ոստիկանութեան մէկ  բանբերը ցուցարարներէն պահանջած է քաղաքակիրթ  ձեւով  հեռանալ    Պէյրութի  գլխաւոր հրապարակէն: