image

Միջին Արեւելքի արիւնը դէպի ո՞ւր

Միջին Արեւելքի  արիւնը  դէպի ո՞ւր

 «Զիլ Խօսք»էն  կը կարդանք.

ՄԱԿ-ի կողմէ  հրապարակուած  տեղեկագրին համաձայն,  եթէ  Եէմէնի  իրավիճակը շարունակէ այս   կերպ մնալ, ապա    երկրի  22     նահանգներ (Եէմէնի  բնակչութեան 60  տոկոսը) կանգնած պիտի ըլլան    սովահարութեան վտանգին դիմաց:

Իր երկրորդ տարին  լրացնող  Եէմէնեան   պատերազմին հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 10.000 մարդ, իսկ վիրաւորեալներուն թիւը կը գնահատուի  30 հազարով: Սիւննի–շիիթ հակամարտութեան  օճախ համարուող Եէմէնը,  Սուրիոյ պատերազմէն ետք    կը  գրաւէ    աշխարհի «թէժ կէտերու քարտէզ»ի   առաջնագոյն   դիրքը:   Երկրի  մէկ հատուածին  մէջ    եղող  Հաուսի զինեալներուն դէմ սկիզբ առած    զինուորական  գործողութիւնները   վերածուած են  համընդհանուր պատերազմի եւ    իրենց «քաղաքական      կամքը»  պարտադրել  փորձող հակամարտող  ուժերը   կ'իրականացնեն   ծանրագոյն աստիճանի  սպանդներ, որոնք   ապագային պիտի     ներկայացուին «պատերզմական ոճիր»    անուան տակ:

Միջին Արեւելքը կը շարունակէ մնալ «արեան  աւազան»: Չքաւորութեան,  անգործութեան եւ  մարդկային արժանավայել կեանքի   պայմաններու   բացակայութեան         պատճառով   առկայ    տարակարծութիւնները  կը շարունակեն  պատճառ   հանդիսանալ  արիւնալի  բախումներու:

Պատերազմի բոլոր տեսակի արդիական միջոցները,  զէնքերը, բռնութիւնը, անմարդկային ոճիրները , ինչպէս երէկ,  այսօր ալ    անկարող են   ցանկացած խնդրի    տրամաբանական ելք, կամ լուծում    ապահովել:

Մարդկային  կեանքին   հանդէպ  անարգանքը,  անմեղ  զոհերու  թափուած  արիւնը  եւ  համատարած    աւերածութիւնները աւելիով կը բարդացնեն        իրավիճակները:

Ու այս բոլորէն  անդին        կը լսուին   բարձրաձան  հարցադրումներ  այն մասին, թէ    Միջին Արեւելքի մէջ այսօր   «եռացող արեան»  ճակատագիրը ի՞նչ  պիտի  ըլլայ:

Ո՞ւր  պիտի  երթայ     ողբի  օճախներու վերածուած  քաղաքներուն  մէջ           գլուխ բարձրացուցած թշնամանքը,   ատելութիւնը,   քէնը  եւ մահուան  ուրուականը :

Այս բոլորին դիմաց  «խաղ»ին հետեւող   տէրութիւններ, արդեօք զերծ պիտի մնա՞ն  այս արիւնէն:

Կամ թէ    աշխարհին, որպէս  քաղաքակրթութեան  օրրան ներկայացող     շէնշող մայրաքաղաքներ հեռու  պիտի  մնա՞ն   արիւնալի այս  «խաղերու»ն հետեւանքներէն:

Օրեր առաջ     Լոնտոնի մէջ  տեղի ունեցած  ահաբեկչութիւնը  կը ցնցէր ողջ  աշխարհը:  Մօտիկ  անցեալին  իսլամական  ըմբռնումներ ունեցող, հետապնդուած , բայց չդատուած  իսլամիստը Պըրմինկհըմ  քաղաքէն Լոնտոն հասնելով          ահաբեկչական  «փոքր» արարք մը կը կատարէր  ահ ու  սարսափի   մթնոլորտ մը ստեղծելով, ոչ միայն  Մեծն Բրիտանիոյ   այլ ամբողջ արեւմուտքի  մէջ:

Ի՜նչ  խօսք,  որ եղածը դատապարտելի էր:  Ի՜նչ  խօսք,  որ     մարդկային   անմեղ  կեանքեր խլած  իսլամիստը  արժանի էր  խստագոյն պատիժի:

Խնդիրը սակայն այստեղ չաւարտիր:

Արեւմտեան  աշխարհը կը շարունակէ  ցուցաբերել  նոյն      կեղծաւոր մօտեցումը, խորքային   արմատներ ունեցող տագնապը, որպէս «ահաչբեկութեան դէմ պայքար»  ներկայացնելով:

Խնդրեմ,  պարոնայք, ո՞վ է ահաբեկիչը: Ո՞ւր ծնաւ, ո՞ւր աճեցաւ եւ ի՞նչպէս Եւրոպա  հասաւ այդ ահաբեկիչը:

 

Տարբեր առիթներով  գրուած է այս խնդրին մասին, գրուած է նաեւ,  որ   այսօր ստեղծուած  իրավիճակին հետեւանքով   Եւրոպան  կրնայ    «շատ թէժ»   եւ մոխրագոյն  օրեր  ապրիլ:

Վախնալու կամ վախցնելու համար չենք գրեր այս տողերը, այլ անգամ մը եւս  ըսելու, որ այսօր  Դամասկոսի,  Տարհայի,     Ռաքքայի, Եէմէնի  տարբեր քաղաքներուն մէջ   լոյս աշխարհ եկող անմեղ  երեխաներէն իւրաքնաչիւրը   «բոթէնցեալ» «ահաբեկիչ» է:

«Ահաբեկիչներ», որոնք       կը ծնին, կը շնչեն, հասակ կ'առնեն ու կը մեծնան   ահաբեկչութիւն  «բուրող» եւ ահաբեկչութիւն «ջամբող»  միջավայրներու մէջ:

Այդ միջավայրերու ստեղծումն էլ պատահական   չէ:  Այդ միջավայրերու գոյացումն ալ պատահականութեան  եւ   բախտի  առիթներուն չէ  ձգուած:

 

Այս բոլոր հարցադրումներն է, որ կը հնչեն ու դեռ պիտի  հնչեն, ամէն  անգամ, որ  Լոնտոնի, Պերլին, Փարիզի եւ Պրիւքսէլի մէջ մահմետական  երիտասարդ մը   դանակը ձեռքին առնելով կը  վազէ   իր «անմեղ»  զոհերուն ետեւէն:

Այդ նոյն անմեղ  զոհերն են, որոնք  գեղեցիկ, պայծառ եւ       խաղաղ  կեանք կը փնտռեն:

 

Այդ զոհերը նման են  Եէմէնի, Հալէպի,    Տարհայի, Դամասկոսի եւ Մուսուլի մէջ իրենց աչքերը բացած      անմեղ  մարդոց, որոնք  տարբեր հանգամանքներու  եւ ստեղծուած  «ոչ  պատահական» միջավայրերու մէջ իրենց  ողբը   կուզեն լսելի դարձնել:

Անոնք կուզեն, իրենց ցաւը  աշխարհին հետ կիսել: Այն աշխարհին, որ զբաղ է հրեշտակներու  սեռը ճշդելու գործով:

 

Այն աշխարհին, որ կը կարծէ թէ  Միջին Արեւելքը  արեան   աւազաններու վերածելով աւելի  հեշտ պիտի  դարձնէ     գործի լծել  իր «հեռակարավառման    վահանակ»ը:

 

 Ս. Ա.