image
Հրատապ լուրեր:

«Ես կը նախընտրեմ Հայաստանը» խօսքէն ետք իսլամ երեսփոխան մը պահանջած է նախարար Կիտանեանի հրաժարականը (տեսանիւթ)

«Ես կը նախընտրեմ Հայաստանը» խօսքէն ետք իսլամ երեսփոխան մը պահանջած է նախարար Կիտանեանի հրաժարականը (տեսանիւթ)

«Իսլամական համախմբում»ի երեսփոխան Իմատ Ալ Հութ ծանր քննադատութիւններ ուղղած է Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հասցէին: Հութ, որ պահանջած է նախարար Կիտանեանի հրաժարականը, նաեւ ըսած է, որ Կիտանեան MTV կայանէն սփռուող յայտագրի մը ընթացքին վիրաւորական մօտեցում ունեցած է, իր ըսելով «Լիբանանի բարեկամ Թուրքիոյ եւ նոյնպէս թուրք բարեկամ ժողովուրդին դէմ»: Հութ նաեւ վրդովմունք յայտնած է, որ Կիտանեան, պատասխանելով լրագրող Մունա Ապու Համզէյի հարցումին, թէ ո՞ր երկիրը կը նախընտրէ՝ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ, առանց երկմտանքի պատասխանած է ըսելով, որ ինք կը նախընտրէ Հայաստանը: 

 

Յիշեցնենք, որ Կիտանեան այս տեսակէտները յայտարարած է MTV կայանէն սփռուող Talk of the town յայտագրէն, որ սփռուած է հինգշաբթի, 30 մարտի երեկոյեան: Հարիրիի կառավարութեան մէջ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Կիտանեան նաեւ ըսած է, որ ինք ուրախ է ի տես Թուրքիոյ մէջ տիրող լարուած իրավիճակին եւ յոյս յայտնած,որ այդ մէկը յաւելեալ պատճառ կը հանդիսանայ, որպէսզի արաբական աշխարհի զբօսաշրջիկները խուսափին Թուրքիա այցելելէ ու փոխարէնը նախընտրեն Լիբանան գալ:

 

Հայազգի նախարարը նաեւ հաստատած է, որ հակառակ անոր, որ  ինք որպէս պետական  գործիչ իրաւասութիւն չունի նման  յայտարարութիւն  ընելու , բայց եւ այնպէս ան իր անհատական ըմբռնումները  չի կրնար թաքցնել:  

Կիտանեան նաեւ ըսած է, որ այսօր Թուրքիոյ պետութեան դիմակը պատռուած է, եւ ամբողջ  աշխարհը լաւ կը ճանչնայ Թուրքիոյ պետութեան իրական դէմքը: