image

Չորս տարուան ընդմիջումէ ետք Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Հալէպի Ազգային գերեզմանատունէն ներս (Լուսանկարնե

Չորս տարուան ընդմիջումէ ետք Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Հալէպի Ազգային գերեզմանատունէն ներս (Լուսանկարնե

Հալէպի Ազգային գերեզմանատան մէջ, երկուշաբթի, 17 ապրիլ 2017֊ի առաւօտեան, Ս. Յարութեան յաջորդած Մեռելոցի առթիւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն:

Մեռելոցի առթիւ հոգեհանգստեան պաշտօնը տեղի ունեցած է Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի նախագահութեամբ, որուն մասնակցած է նաեւ  Վեր. Յարութիւն Սելիմեանը, հոգեւորականաց դասը եւ հալէպահայ գաղութի անդամներ: