image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանահայ հասարակական գործիչ Մկրտիչ Պուլտուքեան մաս կազմած է նախագահ Աունին այցելութիւն տուած քաղաքական պատուիրակութեան մը

Լիբանանահայ հասարակական գործիչ Մկրտիչ Պուլտուքեան մաս կազմած է նախագահ Աունին այցելութիւն տուած քաղաքական պատուիրակութեան մը

«Լիբանանեան Երկխօսութեան Նախաձեռնութեան» պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ հիւպատոս Ուալիմ  Զըրտ Ապու Ժաուտէի այցելած է Լիբանանի նախագահական պալատ   եւ   հանդիպում ունեցած է նախագահ  զօր. Միշել Աունի հետ: Այս մասին կը տեղեկանանք «Լիբանանի Երկխօսութեան Նախաձեռնութեան»  (LDI) պաշտօնական կայքէն:

Հանդիպման մասնակից՝ խորհրդականներու յանձնաժողովի անդամներու շարքին էր նաեւ Լիբանանահայ հասարակական գործիչ՝Մկրտիչ Պուլտուքեան:  

Ապու Ժաուտէ  շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահին, «Լիբանանի երկխօսութեան Նախաձեռնութեան» նպատակները իրականացնելու համար կատարած ջանքերուն՝ որոնք ուղղուած է Լիբանանը մշակոյթային եւ քաղաքակրթական երխօսութեան միջազգային կեդրոն դարձնելուն: Ապու Ճաուտէ նաեւ նախագահին պաշտօնական գիր մը ներկայացուցած է, ուր կը խնդրէ իրենց նախաձեռնած ծրագիրները օրակարգի վրայ դնել եւ բարձրացնել ՄԱԿ-ին:

Այնուհետեւ, յանձնախումբը ներկայացուց «Նախաձեռնութեան» ծրագիրները տարածելու  համար իր կատարծ գործունէութիւններ :

Նախագահը իր հերթին, գնահատած է՝ Լիբանանը միջազգային երկխօսութեան կեդրոն դարձնելու ուղղութեամբ «Նախաձեռնութեան» տարած ազգային աշխատանքը, ե՛ւ՝ Լիբանանի, ե՛ւ դուրսի համայնքներուն հետ: Ան նաեւ նշած է, որ այս հարցը քննակած է Հռոմի Պապ Ֆրաչիսկոսի, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէսին եւ քանի մը այլ փարձր պաշտօնեաներու հետ, ընդգծելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կը շարունակէ միջոցներ ձեռնարկել ապահովերու ՄԱԿ-ի համաձայնութիւնը:

Յիշեցնեք, որ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան լիբանանահայ յայտնի հասարակական գործիչ է: Ան նաեւ յայտնի անուն է Լիբանանի ելեւմտական ոլորտին մէջ  եւ տարիներ առաջ եղած է Լիբանանի կեդրոնական դրամատան փոխ կառավարիչներէն մէկը:  Պուլտուքեան նաեւ հեղինակ է  Արեւմտահայաստանի տարածքին հայ սեղանաւորներու մասին տասնեակ յօդուածներու եւ բազմաթիւ  հատորներու: