image

Ժիրայր Քէչէճեանի ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անյայտ

Ժիրայր   Քէչէճեանի  ճակատագիրը  կը շարունակէ մնալ անյայտ

Հալէպահայ երիտասարդ Ժիրայր Քէչէճեանի ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ   անյայտ: Օրեր առաջ  «Հալապ  հայ ալ միտան» անունը կրող դիմատետրի  էջը  գրառում մը կատարած էր հալէպահայ հայորդիին մասին,  գրելով, թէ ան 3  տարի առաջ առեւանգուած էր «Իսլամական պետութիւն» կոչուած ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ եւ մինչեւ այս պահը անոր ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անյայտ:

Նոյն աղբիւրը նաեւ գրած է, որ Քէչէճեան մինչեւ վերջերս բանտարկուած կը  մնար նոյն կազմակերպութեան Ռաքքայի բանտերուն մէջ:

Ժիրայրի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով «Արեւելք»  կապ հաստատեց անոր պարագաներէն մէկուն հետ, որուն փոխանցմամբ Ժիրայր անհետացած էր 3 տարի առաջ Սուրիոյ «Ալ Թապքա» զինուորական օդակայանի դէպքերուն ընթացքին եւ մինչեւ այս պահը անոր մասին տեղեկութիւններ չկան: Մեր խօսակիցը, որ յարգելի պատճառներով յարմար չնակատեց իր անուան յիշատակումը, նաեւ ըսաւ, որ Ժիրայրի ընտանիքը ներկայիս կը գտնուի Գանատա: Ան պատասխանելով մեր  հարցին,   թէ արդեօ՞ք ընկերային ցանցերուն վրայ Ժիրայրի գտնուած  ըլլալու մասին լուրը կը համապատասխանէ իրականութեան, ըսաւ. «Չենք կրնար բան մը ըսել, միայն կը յուսանք եւ կը մաղթենք, որ լուրը ճիշդ ըլլայ: Աստուած տայ, որ մեր  սիրելի  Ժիրայրը ողջ  եւ ապահով ըլլայ», եզրափակեց ան:

Նշենք,  որ անցնող օրերուն, Ռաքքայի մուտքին տեղի ունեցած ծանր բախումներէն ետք Տահէշ խմբաւորման զինեալներ սկսած էին խոյս տալ  քաղաքէն: Նոյնը կատարած էին քաղաքի բնակիչները, որոնք վերջին տարիներուն  ենթարկուած էին  Տահէշի  ծանր հալածանքներուն:

2011-ի շղաթայազերծուած պատերազմէն առաջ Ռաքքայի մէջ կ'ապրէին փոքրաթիւ հայեր, որոնց մեծամասնութիւնը եւ յատկապէս քաղաքի Տահէշի  տիրապետութեան  տակ անցնելէն ետք  ստիպուած էր հեռանալ շրջանէն եւ հաստատուիլ աւելի ապահով  վայրեր:

Սուրիոյ պատերազմին սկիզբէն ի վեր շուրջ 150 հայեր զոհուած են, որոնց մեծ մասը՝ Հալէպի մէջ: