Այսօր Հալէպ մեկնողներուն մեծամասնութիւնը ետ Երեւան պիտի վերադառնայ :Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք «Արեւելք»-ի այս առթիւ «Զուարթնոց» օդակայան մեկնած աղբիւրէն:
Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ այսօր դէպի Դամասկոս ուղեւորուած օդանաւին վրայ կային 73 ուղեւորներ, որոնք բոլորն ալ ցամաքի վրայ Հալէպ պիտի մեկնին: Ըստ մեր տիրապետած տեղեկութիւններուն, նոյն օդանաւով Դամասկոսէն Երեւան ժամանած են 148 ուղեւորներ: Կը սպասուի նաեւ, որ յառաջիկայ 28 յունիսին Sham Wings (Երեւանի մէջ ՝ Eprat Tour) ընկերութիւնը, որ կազմակերպիչն է դէպի Դամասկոս թռիչքներուն, պաշտօնապէս բացուած յայտարարէ Երեւան-Դամասկոս օդային ուղիի բացման մասին:
Նշենք, որ Դամասկոսէն դէպի Հալէպ մեկնելու համար մեր հայրենակիցերը պիտի օգտագործեն «Խանասէր»ի ցամաքային ճանապարհը, որ ներկայ դրութեամբ կը գործէ միայն առաւօտեան ժամերուն:
Ինչ կը վերաբերի Հալէպի օդակայանին, ներկայ պահու դրութեամբ այդ օդակայանի վերաբացման մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր: