image

Մենք կը սպասենք եւ կը փափաքինք որ մեր բժիշկները ետ Հալէպ վերադառնան. Հալէպահայ բժիշկ

Մենք կը սպասենք եւ կը փափաքինք որ մեր բժիշկները ետ Հալէպ  վերադառնան. Հալէպահայ  բժիշկ

Բաւական երկար  որոնումներէ ետք «Արեւելք»ի խմբագրութեան բախտ վիճակուեցաւ հարցազրոյց մը կատարել Սուրիոյ պատերազմի ամբողջ  տեւողութեան Հալէպ  մնացած եւ իր պարտականութիւնները կատարած բժիշկ՝ Յարութիւն Նազարեանի հետ:

Հակառակ իր աշխատանքի բնոյթին եւ բազմազբաղ ըլլալուն`բժիշկը պատասխանեց մեր հարցումներուն եւ  հարցազրոյցի  շահեկանութեան  եւ Հալէպի մասին   ամբողջական պատկեր մը  ներկայցնելուն  համար  զայն կը հրապարկենք  ամբողջութեամբ:

 

-Ի՞նչ իրավիճակի մէջ կը գտնուի այսօր Հալէպը՝ ապահովական, տնտեսական, կեանքի խնդիրներու իմաստով (ջուր, ելեկդրականութիւն եւ այլն) եւ ամենակարեւորը, հոգեբանական իմաստով ժողովուրդին վիճակը ինչպէ՞ս կրնաք ներկայացնել:

 

Հինգ տարուան  պատերազմէ ետք  Հալէպ այսօր    տագնապի մէջ է: Այո՛, ութ ամիս եղաւ, որ հրթիռներու եւ կազի շիշերու վտանգը դադրեցաւ, բայց Հալէպ դեռ դժուարութիւններ ունի:  Փառք Ասուծոյ, ջուրի հարցը երկու-երեք ամիս առաջ  լուծուեցաւ, սակայն ելեքդրականութեան հարցը մինչեւ այսօր կը մնայ անլուծելի խնդիր: Պետական   մարմիններ մեծ ջանքեր կը   գործադրեն լուծելու համար  այս  խնդիրը, նոյնիսկ քանի մը ամիս առաջ, օրուայ ընթացքին  սկսան երկու ժամ մը ելեքդրականութիւն  տրամադրել: Հալէպի ժողովուրդը,  արդէն  իսկ  վարժ  դարձաւ «ամբերներ»ով ելեքրականութիւն ապահովել:  Տնտեսական իրավիճակը անկայուն է քանի մը պատճառներով: Մեծ թիւով երիտասարդներ,  բանակային ծառայութիւն  չընելու պատճառով քաղաքէն հեռացան, կամ ալ միացան Սուրիոյ բանակին, ուստի աշխատող ուժը նօսրացաւ, իսկ պաշտօնեաներուն ամսականները սկսան  չբաւարարել ընտանիքի մը ծախսերը հոգալուն՝ անտանելի սղութեան պատճառով:  Այս  բոլորով հանդերձ, այսօր  բարելաւման յոյսեր կան: Քաղաքի մէջ կործանուած խանութները սկսան վերաշինուիլ, նորոգուիլ եւ վերաբացուիլ, մանաւանդ Ազիզիէ շրջանի խանութները: Մինչեւ այսօր,    ամէն  դեղերու մեծ պակաս  կայ  Հալէպի մէջ  ու   կարելի չէ  ամէն  տեսակ դեղ գտնել, սակայն ժողովուրդը  կը փորձէ դիմանալ եւ հաւատալ ու յոյս ունենալ, որ օրէ-օր պիտի վիճակը պիտի բարելաւուի:

Ճիշդ է, այսօր քաղաքի մէջ պայթումներ չկան  կամ հրթիռներ չեն տեղար, սակայն Հալէպի շրջակայքը պատերազմը կը շարունակուի:  Հալէպի մէջ, այսօր խնդիր մը գոյացած է` պաշտպանողական խումբերու  զինեալ անձերը,  սկսան գլուխ բարձրացնել եւ խնդիրներ ստեղծել քաղաքին մէջ:  Երեւի  ժամանակ պիտի պահանջէ, մինչեւ որ կառավարութիւնը կրկին ձեռքին մէջ առնէ  քաղաքի իշխանութիւնը եւ ապահովէ անվտանգութիւնը:



-Իմացած ենք, որ Սուրիոյ  պատերազմի  ընթացքին  Հալէպէն չհեռացաք: Որպէս  բժիշկ ո՞ւր կը պաշտօնավարէք ներկայիս, եւ ո՞ւր էիք պատերազմէն առաջ, ի՞նչ շրջանի մէջ, ո՞ր  հիւանդանոցը եւ ի՞նչ է այսօրուայ Ձեր պաշտօնը:


Այո՛, այս պատերազմին  ընթացքին ես Հալէպ մնացի, նոյնիսկ առիթ չեղաւ  քաղաքէն դուրս ելլելու, նկատի ունիմ Դամասկոս, Լաթաքիա կամ Թարթուս երթալու: Միայն,  երբ պատերազմը սկսաւ, 15 օր ընտանիքիս հետ Հայաստան գացի Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան անձագիրը ստանալու: Շատեր չվերադարձան, սակայն մենք վերադարձանք:  2012-էն ի վեր   Հալէպէն դուրս չեմ ելած:  Այստեղ մնացի եւ մինչեւ այսօր կը ծառայեմ հիւանդներուս՝ իմ անձնական դարմանատանս մէջ, անձնական հիւանդանոցներու (Սէլլում, Ալ Քալիմէ, Տապիթ, Քասսիս) մէջ, եւ կը դասաւանդեմ  բուժօգնութեան դպրոցի մը  մէջ:  Աշակերտները հիմնական Հալէպի շրջաններէն եւ գիւղերէն են:  Պատերազմի առաջին տարին մենք 280 աշակերտ ունէինք, սակայն այս թիւը հետզհետէ  նուազեցաւ եւ այսօր ունինք միայն 45 աշակերտներ:  Աշակերտները դժուարութիւն կը գտնեն շրջաններէն  եւ գիւղերէն Հալէպ հասնելու, հակառակ որ իրենց համար տուն մը վարձելը  եւ Հալէպ մնալը արդէն մեծ հաճոյք է:    

Ես  Կար տը Պաղտատ շրջանը կ’ապրիմ, որ քաղաքի կեդրոններէն մէկը կը սեպուի, իսկ բուժարանս Սուլէյմանիէ շրջանն է: Ինչպէս գիտէք, Սուլէյմանիէի  շրջանը վտանգաւոր գիծի վրայ կը գտնուէր եւ  շատ հարուածներ ստացաւ: Բուժարանս  ալ անվնաս չմնաց:  Շատ վտանգաւոր եւ ծանր օրեր ու  տարիներ անցուցինք: Կը մտածէի, արդեօք պիտի կրնա՞մ հիւանդանոց հասնիլ, թէ բան մը պիտի պատահի… Հակառակ այդ բոլորին` տագնապին, ջուրի եւ ելեդրականութեան խնդիներուն, այս տարիներու ընթացքին կրցայ   ընդունիլ եւ բուժել հիւանդներս: 

Հալէպի մէջ շրջան մը չկար, որ հրթիռ չէր իյնար:  Սակայն շրջաններ կային որ շատ հարուածներ ստացան, շրջաներ ալ` աւելի պակաս: Բոլորս ալ գիտենք, որ «Նոր Գիւղ»ի շրջանը շատ մեծ վնասներ ստացաւ եւ հիմա փլատակ վիճակի մէջ կը գտնուի:

 

-Պատերազմի ամբողջ տեւողութեան Դուք Հալէպի մէջ մնացիք: Ի՞նչ պայմաններէ անցաք,  ո՞րն էր ամենադժուար հանգրուանը, որուն դուք ականատես եղաք որպէս բժիշկ եւ ի՞նչ էին այն խնդիրները, որոնց որպէս հիւանդանոցի պատասխանատու ականատես եղաք:

 

Պատերազմի սկիզբը շատ դժուար էր:  Ժողովուրդը զրկանքի չէր վարժուած: Ամառ ատեն ելեքդրականութիւն, ջուր չկար, իսկ ձմրան ի յայտ եկաւ վառելանիւթ ապահովելու խնդիրը` կազ, քարիւղ, ինքնաշարժներու համար վառելանիւթ գտնելը մեծ բախտաւորութիւն էր:  Սակայն ամենադժուարը, ինչպէս ըսի, ելեքդրականութեան եւ ջուրի հարցն էր:  

Հիւանդանոցներուն մէջ վիճակը շատ ծանր էր: Կարգ մը հիւանդանոցներ փակուեցան, այդ իսկ պատճառով, միւս հիւանդանոցներու մէջ քալելու  տեղ չէր  ըլլար մանաւանդ,  երբ վիրաւոր զինուորներ կամ հրթիռներէ վնասուած մարդիկ հասնէին: Նոյնիսկ վիրաւորները կը տեսնէիր միջանցքներուն մէջ եւ արեան հոտը կը լեցուէր ամբողջ հիւանդանոցը: 

Մենք` բժիշկներս աշխատանքի յատուկ ժամ չունէինք, թէժ զարկի ժամանակ ալ վիրահատութիւններ կը կատարէինք եւ մարդոց  կեանքը կը փորձէինք փրկել:


 

-Այսօր ինչպէ՞ս կը գնահատէք հիւանդանոցներու  ընդհանուր տագնապը: Տագնապ կա՞յ առողջապահական ոլորտին մէջ, թէ բնականոն հունով կ'ընթանայ ձեր աշխատանքը: Ընդհանրապէս ձեր հիւանդները հայե՞ր են, թէ օտարներ, արաբներ ալ կա՞ն: Հիւանդանոցին մէջ հայ պաշտօնեաներու ընդհանուր պատկերը ի՞նչպիսին է:


Մենք միշտ ալ ունեցած ենք եւ՛ հայ եւ՛ արաբ հիւանդներ: Նախքան պատերազմը, մեր հիւանդները ոչ միայն Հալէպ քաղաքի բնակիչներն էին, այլ նաեւ շրջակայ գիւղաքաղաքներու եւ գիւղերու բնակիչները:  Սակայն պատերազմէն ետք շատ բան փոխուեցաւ: Հալէպահայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը  գաղթեց Հայաստան կամ Լիբանան, ետքը՝ Գանատա, Ամերիկա եւ  Եւրոպա, իսկ գիւղերու բնակիչները մեծ դժուարութիւններու հետեւանքով չկրցան քաղաք հասնիլ: Ժամանակ մը եղաւ, նոյնիսկ, երբ Հալէպի բնակիչները շրջանէ  շրջան չէին կրնար երթալ, հետեւաբար դարմանատուն  կամ հիւանդանոց հասնիլն ալ դժուար էր: Հիւանդանոցներուն մէջ մասնագէտ բժիշկներուն թիւը նուազեցաւ: Այսօր, Հալէպ մասնագէտ բժիշկներուն կարիք ունի, մինչդեռ առաջ բժշկուելու համար անձը կարիք չէր ունենար քաղաքէն կամ երկրէն դուրս ելլելու:  Բժիշկներու դժուարութիւններէն մէկը դեղ ապահովելն է:  Սակայն, Փառք Աստուծոյ, հնարաւոր ամէն ինչ կրցանք ընել ոտքի վրայ մնալու մեր   հիաւնդներուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար:

 

-Գիտենք, որ պատերազմէն առաջ Սուրիոյ մէջ հալէպահայ բժիշկները շատ կարեւոր դիրքեր կը զբաղեցնէին, շատ կարեւոր պաշտօններ եւ  հռչակ ունէին: Այսօր ի՞նչ կրնանք ըսել այդ առումով: Շատեր հեռացած են, կա՞ն բժիշկներ որոնք կը վերադառնան, այդպիսի տեղեկութիւններ ունի՞ք:  Իսկ անոնք՝ հայ բժիշկները, որոնք Հալէպ  մնացին, ի՞նչ վիճակի մէջ են այսօր:


Պատերազմի  առաջին օրերէն,  մաս մը հայ բժիշկներ Հալէպէն հեռացան տարբեր պատճառներով` անապահովութիւն, հիւանդներու նուազում...

Կային բժիշկներ, որոնք տղայ զաւակ ունէին, ուստի, մտահոգուելով իրենց մանչերուն ապագայով` հեռացան: Իսկ  կարգ մը  բժիշկներ մնացին եւ սկսան ձեւով մը տոկալ եւ դիմանալ ծանր վիճակին:    Դժբախտաբար,  մնացողներուն  մեծամասնութիւնը Հալէպէն հեռացան, այն ժամանակ, երբ Սուլէյմանիէի եւ «Նոր Գիւղ»ի վրայ սկսաւ օրը 8-էն աւելի հրթիռ իյնալ եւ շէնքերը գետնին հաւասարիլ:  Ոմանք գացին Հայաստան, ոմանք ալ՝ Լիբանան եւ Եւրոպա:  Այն բժիշկները, որոնք Եւրոպա հասան եւ կրցան շուտ սորվիլ տուեալ երկիրի լեզուն եւ վաւերացնել իրենց բժշկական վկայականը ու  ստանալ  աշխատելու իրաւունք` շարունակեցին  որպէս բժիշկ աշխատիլ, սակայն անոնք որոնք չկրցան` սկսան բոլորովին ուրիշ աշխատանքներ կատարել:

Այսպիսով, մեր հալէպահայ բժիշկները գաղթեցին եւ իրենց դարմանատուները փակ մնացին այս տարիներուն ընթացքին:  Ես կանացի հիւանդութիւններու մասնագէտ եմ եւ կրնամ ըսել, որ այսօր, տուեալ մասնագիտութեամբ միայն  3 կամ 4 հայ բժիշկ կայ  Հալէպի մէջ:

 



Իմ կարծիքով, այն Հալէպահայ բժիշկը, որ Սուրիայէն դուրս կրցաւ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ նորէն ոտքի ելլել`դժուար թէ Հալէպ վերադառնայ: Կը վերադառնան այն բժիշկները, որոնք մինչեւ այսօր իրենց արժանի տեղը չեն գտած: Լսած եմ, որ կան մարդիկ, որոնք Հայաստանէն  վերադարձան, սակայն բժիշկներ չեն:  Մենք կը սպասենք եւ կը փափաքինք որ մեր բժիշկները վերադառնան եւ հայ  բժիշկներուն թիւը  աւելնայ:

 

-Արդեօ՞ք Հալէպի վերականգնումի եւ շտապի մարմինը օժանդակութիւններ տուած  է այն հիւանդանոցին ուր կը գործէք: Կամ որեւէ առողջապահական ծրագիր ունի՞ հասնելու համար մեր հալէպահայ հայրենակիցներու առողջապահական խնդիրներուն, եւ ի՞նչ են այդ ծրագիրները, արդեօք դուք առնչուա՞ծ էք ատոնց հետ:


Դժբախտաբար, մեր միութիւնները չկրցան ունենալ  շտապ բուժօգնութեան  հայկական կեդրոններ:  Այդ  կողմէն տկար էինք:   Այդ  կեդրոններուն  փոխարինեցին քրիստոնէական եւ բարեսիրական այլ կեդրոններ, ինչպէս՝  Կաթողիկէ «Գարիթաս»ի  եւ Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ    գործող կեդրոնները, որոնք մեծ աշխատանքներ տարին եւ օգնեցին  մարդոց՝ բուժօգնութիւն եւ դեղեր ապահովելով:   Ներկայիս, մեծ թափով, Լատինաց եկեղեցին սկսաւ առողջապահական աջակցութիւն  ցուցաբերել:  Մեր  հայերը  սկսան  այդ կեդրոնները յաճախել եւ օգտուիլ բժշկական ծառայութիւններէն:  Հայ միութիւններու   օժանդակութիւնը, աւելի շատ ուղղուած էր  անապահով եւ աղքատ հայ ընտանիքներուն սնունդ ապահովելու խնդիրներուն : 

Դժբախտաբար, մենք՝ հայ բժիշկներս, միասին չկրցանք կեդրոն մը ստեղծել եւ օժանդակութիւն ցոյց տալ մեր հայ ազգին:



 

-Ի՞նչ ապագայ կը սպասէ Հալէպին: Որպէս բժիշկ, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ առումով: Գիտէք շատ խօսակցութիւններ եղան, որ պատերազմը աւարտեցաւ, Հալէպը պիտի վերակառուցուի, Հալէպը պիտի վերադառնայ իր անցեալին: Դուք ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս բոլորը:


Հալէպը արդեն կամաց-կամաց կը վերադառնայ:  Պատերազմը մասամբ մը աւարտեցաւ, կան շատ վնասուած վայրեր, սակայն այդ վայրերը սկսան վերաշինուիլ, նորոգուիլ եւ մաքրուիլ:  Սակայն, արդեօ՞ք Հալէպը պիտի կրնայ ստանալ իր նախկին գոյնը... Այստեղ ուրիշ խնդիր մըն ալ կայ. հալէպցիներուն մեծամասնութիւնը գաղթեց: Ի՞նչ պայմաններ պէտք է ստեղծուին,  որ անոնք ցանկութիւն ունենան վերադառնալու:  Այն մեծահարուտ վաճառականները, որոնք օտար երկիրներու մէջ  յաջողութիւն գտան, արդեօք վստահութիւն պիտի ունենա՞ն Հալէպի մէջ նորէն աշխատելու: Մենք կը ցանկանք, որ բոլորը վերադառնան, յատկապէս՝ հալէպահայերը: 

Գիտէք, Հալէպը հայերուն համար սովորական քաղաք մը չէ, այլ Արեւելքի մէջ մեծ գաղթօճախ մըն է, որ հարուստ պատմութիւն ունի:  Մեր ջանքը կ’ընենք այս գաղութը եւ ժառանգութիւնը պահպանելու:  Սակայն, չենք կրնար եւ իրաւունք չունինք այպանելու այն մարդոց, որոնք գաղթեցին:  Ամեն մարդ իր պարագաները ունի, եւ բոլորին պարագաները յարգելի են:  Հոս մնացողներէն շատերը չհամակերպեցան Հալէպը լքելու եւ ուրիշ տեղ մը կեանք սկսելու գաղափարին հետ:  Այս պատճառով ալ  այստեղ մնացին եւ Հալէպ բոլորովին չզրկուեցաւ իր հայ զաւակներէն:  Ինչպէս որ ըսի, Հալէպը պատմութեան ընթացքին  միշտ եղած է եւ պիտի մնայ հայկական մեծ օճախ, ուր բոլոր սփիւռքահայերը ձեւով մը կապուած են այս օճախին հետ:

Այսօր, չեմ կրնար ըսել, որ փայլուն ապագայ մը կը սպասէ մեզի: Հրթիռներու վտանգը նոր դադրեցաւ, սակայն մինչեւ այսօր ազատ զինեալներուն վտանգը տակաւին կայ:  Արդէն լսեցիք, որ ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով զոհուեցաւ հայ ատամնաբոյժ մը, նաեւ այս ընթացքին փամփուշտի հետեւանքով երեխաներ մահացան: Հիմա մենք կը սպասենք, որ կառավարութիւնը վերականգնէ իր ուժերը եւ ապահովէ Հալէպի անվտանգութիւնը: 




 

-Ի՞նչ են այսօր Հալէպի հայութեան գլխաւոր խնդիրները եւ այդ առումով ընդհանուր յայտարար մը կա՞յ, այսինքն այն մարմինները, որոնք կը գործեն Հալէպի մէջ իրարու հետ կապի մէ՞ջ են, ծրագիրներ կա՞ն:

 

Վերջերս Լիբանան,  Մեծի Տանն Կիլիկոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.  Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ ժողով մը գումարուեցաւ: Այդ ժողովին ներկայ էին հայ աւանդական  երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, միութեանական եւ կրօնական այրերը:  Ժողովի ընթացքին որոշուեցաւ  յատուցել  բոլոր հայ մարդոց, որոնք վնասներ կրեցին պատերազմին  պատճառով: Այս ձեւով կ’ուզեն ժողովուրդը վերականգնէ իր  կորսնցուցածը եւ նոր կեանք սկսի:  Սակայն,  որքանո՞վ կ՚իրականանայ այս ծրագիրը, ոչ մէկը գիտէ:  Արդեօք որքա՞ն  գումար նախատեսած են այս ծրագիրը իրականացնելու համար: Ինչպէս գիտէք՝ վնասները շատ եւ  նոյնիսկ մեծ են: Կան մարդիկ, որոնք իրենց հսկայ գործարանները կորսնցուցին:

Հալէպահայերը արժանի են այս օժանդակութիւններուն: Ժողովուրդը ոչ միայն շատ մեծ նիւթական վնասներ կրեց, այլ նաեւ մարդկային:  Պէտք է վիրաւոր Հալէպը ոտքի կանգնի: 

 

 Հարցազրոյցը ՝  Ս. Արեանի